«Երբ Այսպիսի Պարտութիւն Կը Կրէ Երկիրը, Անհրաժեշտ Է Կտրուկ Փոփոխութիւն. Նոր Իշխանութիւն, Նոր Ղեկավարութիւն» Յայտարարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, կիրակի, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, մարմնակրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան ըսաւ, որ «Քորոնա» համաճարակի այս պայմաններուն մէջ կարելի չէ ժողովրդային մեծ հանդիսութիւններ կազմակերպել, սակայն անհրաժեշտ նկատած են գէթ ներկայացուցչական իմաստով եւ յարգելով առողջապահական բոլոր պայմանները` կայացնել սոյն հանդիպումը:

Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Լիբանան պիտի այցելէր նաւահանգիստի պայթումէն կարճ ժամանակ ետք, սակայն իր բազմազբաղութեան պատճառով այդ այցելութիւնը յետաձգած էր սեպտեմբերի աւարտին, սակայն այն ատեն Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումը սկսաւ, եւ ան մեկնեցաւ Երեւան եւ Արցախ: Այժմ ան երկօրեայ այցելութեամբ մեզի հետ է եւ պիտի զեկուցէ Արցախի եւ Հայաստանի անցուդարձերուն մասին, պիտի խօսի ներկայ իրավիճակին մասին, նաեւ պիտի ներկայացնէ այն ինչ որ պատահեցաւ անցնող երկու ամիսներուն եւ պիտի անդրադառնայ ապագայի հարցերուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին սկիզբը յայտնեց, որ իրեն համար յատուկ նշանակութիւն ունի Լիբանան այցելութիւնը, որ դժբախտաբար ուշացաւ մեր պատմութեան ամէնէն ծանրագոյն նոր էջի բացումին պատճառով: 27 սեպտեմբերին Արցախի վրայ յարձակում գործեց մեր թշնամին եւ շղթայազերծեց պատերազմ, որմէ հայկական կողմը պէտք է խուսափեր մանաւանդ նկատի առած այն իրավիճակը, որ կը պարզէին մեր ունեցած ուժերը, եւ դժբախտաբար աւարտին յանգեցաւ այն արդիւնքին, որուն ծանօթ ենք:

Յ. Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համար յստակ մտադրութիւն կար նախորդ իշխանութիւններուն հետ ի գործ դնել ծրագիր մը, որ հիմնուած էր «Ազգ-բանակ» հասկացողութեան վրայ, որովհետեւ կրցած էինք համոզել նախկին իշխանութիւնները, որ Հայաստանի նման երկիր մը, որ շրջապատուած է թշնամիներով, անհրաժեշտութիւն ունի ստեղծելու այնպիսի կարեւոր համակարգ, որ բանակէն անդին ամբողջացնէ մեր ազգային պատասխանատուութեան հասկացողութիւնը, այլ խօսքով` մեր ժողովուրդը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պէտք է պատրաստ ըլլայ դիմակայելու թշնամին, անմիջականօրէն ոտքի կանգնելու եւ այդ ուղղութեամբ տանելու աշխատանքը, բռնցքուելու եւ համաժողովրդային առումով դառնալու բանակ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նկատել տուաւ, որ իրենք փորձած են համոզել օրուան իշխանութիւնները, որ վերոյիշեալ ծրագիրին իրագործումը էական է Հայաստանի եւ Արցախի համար, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլան, նաեւ ՀՅԴ-ն պատրաստակամութիւն յայտնած է, որ առաջին քայլը պիտի առնէ եւ պիտի ստեղծէ պահեստազօր մը բանակի հսկողութեան տակ` 20-60 տարեկան կամաւորներէ բաղկացած, որոնք պիտի մարզուին, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային մեկնին ռազմաճակատ:

Յ. Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ երբ իշխանութիւնը փոխուեցաւ, նոր վարչակազմին հետ նոյն ծրագիրը շարունակուեցաւ, եւ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կրցան ոտքի հանել պահեստազօրը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ խօսքը գործի վերածելով ՀՅԴ Բիւրոն պատրաստակամութիւն յայտնած է հայրենիքին օժանդակելու 4 տարբեր ուղղութիւններով.

1) Մարդուժ, որուն լաւագոյն օրինակն է պահեստազօրը: Բնականաբար մարդուժին մէջ կ՛իյնայ նաեւ ՀՅԴ-ի քաջալերանքը, որ զօրակոչ ըլլայ, նաեւ քաջալերել երիտասարդներ, որ կամաւոր արձանագրուին` օժանդակելու համար բանակին:

2) Քաղաքական աշխատանք, որ ՀՅԴ մարմիններ եւ Հայ դատը գործի լծուին եւ ծածկեն քաղաքական դաշտը:

3) Քարոզչական` մամուլի, հեռատեսիլի, ռատիոկայանի, միջազգային թերթերու իմաստով:

4) Նիւթականի հայթայթում` համահայկական ճիգերով, բոլոր կազմակերպութիւններուն աջակցութեամբ: Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեց, որ պատերազմական ճգնաժամին կրնայ միաձուլուիլ, բռնցքուիլ եւ հասնիլ հայրենիքի օժանդակութեան` հանգանակելով աւելի քան 170 միլիոն տոլարի աննախընթաց գումար: «Դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ սկզբնական շրջանին, մեզի պատճառեց մեծ ուրախութիւն, եւ մենք փորձեցինք այդ մթնոլորտը պահել մինչեւ պատերազմի աւարտը: Սակայն ի յայտ եկաւ, որ կացութիւնը այն չէ, ինչ որ կը ներկայացուի պաշտօնապէս», ըսաւ Յ. Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ վարչապետ Փաշինեանի հետ ունեցած են 4 հանդիպումներ որոնց ընթացքին անոր յայտնած են, որ ճիշդ չէ որդեգրուած գործելակերպը հասնկալի է, որ բանակը յուսալքելու կացութիւն պէտք չէ ստեղծել, նաեւ պատերազմական դրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները պէտք չէ հաղորդել, սակայն կարգ մը տեղեր ջարդ կը կազմակերպուէր, եւ իբրեւ երկրի պատասխանատու անհրաժեշտ է, որ ասոր մասին լուծումներ առաջարկէ:

 

Յ. Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ դժբախտաբար այդ հանդիպումներուն ընթացքին վարչապետը կը փորձէր իւրայատուկ ոճով ամէն խնդիր պարզացնել` ըսելով, որ հող տալու խնդիր ունինք: Սակայն ՀՅԴ Բիւրոն բացատրած է իրեն, որ հարցը այդքան ալ պարզ չէ, պէտք է ուսումնասիրել մեր ունեցած կարողականութիւնը բանակի առումով, նաեւ արժեւորել տարբեր բեմագրութիւններ, որոնց համար հարկ է խորհրդակցիլ: Մեծ թիւով անօդաչու թռչող սարքերու գծով պէտք է մտածել լուծումի մասին եւ պէտք է գիտնանք, որ ռուսական եւ իրանական կողմը ունի՞ն որոշ արհեստագիտութիւններ, զորս կրնան տրամադրել: Վարչապետը խոստովանած է, որ այդքան ալ փայլուն չեն յարաբերութիւնները այդ երկու պետութիւններուն հետ:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Բիւրոն արդէն որոշ կասկած ունէր այս գծով, որովհետեւ Հայաստանի մէջ վերջին երկուքուկէս տարիներուն ընթացքին յարաբերութիւններու շատ ձախող վիճակը, հայ-իրանական յարաբերութիւններու շատ վատ ըլլալու իրողութիւնը արդէն իսկ սկսած էին տալ իրենց արդիւնքը` աւելցնելով ,որ Բիւրոն դեսպաններու ճամբով կապ հաստատած էր Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, հանդիպումներ ունեցած անոնց հետ: Ահազանգ հնչած է, որ Հայաստանը կուրօրէն արեւմտեան արժէքներ որդեգրած ըլլալու երազանքով կ՛երթայ այնպիսի ճանապարհով, որ ո՛չ կը նպաստէ Ռուսիոյ եւ ո՛չ ալ` Իրանի: Այս իրողութիւնը ՀՅԴ Բիւրոն յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին, արտաքին գործոց նախարարին նաեւ վարչապետին, սակայն ի զուր:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բացատրութիւններ տուաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւններուն, անոնց շահերուն եւ յարաբերութիւններուն մասին` նկատել տալով, որ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած մօտեցումները լուրջի չեն առնուած: «Այսպիսի պետական փլուզում չէինք տեսած: Այս պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ փողոց առաջնորդող ղեկավարը անպայմանօրէն չի կրնար կառավարութիւն ղեկավարել», շեշտեց Յ. Տէր Խաչատուրեան աւելցնելով, որ վերջին շրջանի մեր աղէտը հանդիսացաւ այն, որ մեր կառավարական եւ խորհրդարանական քատրերը մեծ մասամբ նորեկներ էին, որոնք կը փորձէին դասագիրքերու մէջէն սորված մեթոտները կիրարկել Հայաստանի մէջ` յայտարարելով, որ իրենք արեւմտեան արժէքներու զարկ կու տան, սակայն խօսքը իսկական արեւմտեան արժէքներուն մասին չէր, այլ երկրորդական, թափթփած, անիմաստ խօսակցութիւններու մասին էր:

«Հայաստան այս 2 տարուան ընթացքին այդքա՞ն ժամանակ պէտք է վատնե՞ր, որ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը դուրս հանէ համալսարանէն, որ միջնակարգ վարժարաններու մէջ ատիկա ընդհանուր պատմութեան մէջ 1-2 էջի վերածուի, որ հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը երկրորդական նիւթեր նկատուին», հարց տուաւ Յ. Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ ներկայիս ընդհանուր համախոհութիւն գոյութիւն ունի, որ պատերազմին պատճառով պատահածը ազգային աղէտ է, եւ կարելի էր զանազան առումներով խնայել մեր ժողովուրդին այս ահաւոր կորուստը, որովհետեւ մեր պատմութեան ամէնէն տխուր էջերէն մէկն է պատահածը, եւ անկարելի է, որ պարտուած ջղագրգիռ ղեկավարը շարունակէ բանակցիլ Հայաստանի անունով:

Յ. Տէր Խաչատուրեան հարց տուաւ, թէ Շուշին, որ միջնաբերդ էր, ինչպէ՞ս ինկաւ, հակառակ այն իրողութեան, որ Շուշիին մեծ մասը հայերու հսկողութեան տակ էր:

Անդրադառնալով Փաշինեանի ստորագրած հրադադարի եռակողմ յանձնուողական յայտարարութեան` Յ. Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ նոյն վարչապետը իր պոռոտախօսութեամբ քանի մը ամիս առաջ ըսած է, որ ինք չի յանդգնիր ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ` եթէ չի դրուի ժողովրդային հանրաքուէի, դժբախտաբար այդ յայտարարութիւնը ո՛չ ժողովուրդի հանրաքուէի դրաւ եւ ո՛չ իսկ յանդգնեցաւ զայն իր մեծամասնութիւնը ունեցած խորհրդարանին ներկայացնել:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ արդէն իրենք յայտարարութիւն մը հրապարակած էին, որ Փաշինեան պէտք է հեռանայ` նկատել տալով, որ շատ պետութիւններ պարտութիւն կրած իրենց ղեկավարները փոխած են եւ նոր քաղաքականութիւն սկսած, որպէսզի գոյատեւեն, որովհետեւ պետութիւնները գիտեն իրենց ազգային շահերը գերադասել իրենց ղեկավարներուն անձնական շահերէն:

«Մեր ներկայ վարչապետը չունի այդ հասկացութիւնը, եւ իւրաքանչիւր օր, որ կը մնայ, նոր աղէտներ կը ծագին: Արագ-արագ թուղթերու ստորագրութեամբ ամէն ինչ կը զիջի: Միակողմանի զիջում է: Մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի շարունակուի: Երբ այսպիսի պարտութիւններ կը կրէ երկիրը, անհրաժեշտ է կտրուկ փոփոխութիւն. նոր իշխանութիւն, նոր ղեկավարութիւն», հաստատեց Յ. Տէր Խաչատուրեան` շեշտելով, որ ժամանակն է, որ սթափ ձեւով կարենանք վերադարձնել ազգային համերաշխութիւնը` ստեղծելով ազգային համաձայնական իշխանութիւն մը, որ 6 ամիսէն մինչեւ 1 տարի կարենայ հանդարտեցնել կացութիւնը, փորձել փրկել, այն ինչ որ կարելի է Հայաստանի մէջ, եւ երբեք չհաշտուիլ, որ այս պատերազմը վերջացած է:

Ան շեշտեց, որ բազմաթիւ պետութիւններ պարտութիւններ կրած են, սակայն քանի մը տարի վերջ փորձած են վերականգնել իրենք զիրենք:

«Ես ուզեցի կացութեան վերլուծումը ներկայացնել, սակայն որեւէ ձեւով մեզ չի կրնար մղել յուսահատութեան: ՀՅԴ-ն իր ժողովուրդին ծոցէն ծնած այն կազմակերպութիւնն է, որ միշտ պատրաստ է ծառայելու ժողովուրդին, ինքզինք զոհելով երբեմն, (վկայ` այս պատերազմին մէջ մեր նահատակները), բայց միշտ ու միշտ կողքին կանգնելու այն հայենիքին, ուր անհրաժեշտ է միշտ տեսնել արշալոյսի գալուստը, զարթօնքը: Մենք շատ պարտութիւններ տեսած ենք: Երանի՜ չտեսնենք այլեւս: Մենք խաբուեցանք: Վերջին 30 տարիներու ազատամարտը յաղթանակով աւարտեցաւ: Մեր փոքրիկ ԼՂԻՄ-ը վերածուեցաւ հսկայական Արցախի Հանրապետութեան: Սակայն վերջ ի վերջոյ հասանք այս կացութեան, որ Արցախը կծկուեցաւ, փոքրացաւ, բայց մենք պատրաստ չենք մեր զէնքերը վառ դնելու: Այսօր նոր պատերազմ սկսելու հաւանականութիւն չկայ, որովհետեւ այլապէս` ուղղակի ռուսական զօրքերու դէմ պիտի ըլլայ», հաստատեց Յ. Տէր Խաչատուրեան եւ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ հիմա ժամանակն է, որ մենք ստեղծենք մեր համահայկական միասնականութիւնը, հանդարտեցնենք կիրքերը, իսկ անդրադառնալով ապագային ան ըսաւ, որ պէտք է վերականգնինք եւ վերադարձնենք ժողովուրդին յոյսը, որովհետեւ մտավախութիւն կայ, որ շուտով Հայաստանի մէջ պիտի սկսի տնտեսական տագնապ: Պէտք է լարել մեր ուժերը, որ ո՛չ թէ միայն կասեցնենք Արցախէն արտագաղթը, այլ նաեւ Հայաստանէն, ուր հսկայ զանգուած մը կայ, որ առաջին առիթով կը մտածէ արտագաղթել:

Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.