«Ես հոգու պարտք ունիմ, եւ պիտի պայքարիմ այս չափորոշիչներուն դէմ». Հարցազրոյց ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի հետ

– «Այս նոր չափորոշիչները կ՚ենթադրեն ապազգայնացում»

– «Ես հոգու պարտք ունիմ, եւ պիտի պայքարիմ այս չափորոշիչներուն դէմ»։

– «Չափորոշիչներուն մէջ «հայրենասիրութիւն բառը չկայ, սակայն բազմաթիւ տեղեր կը շեշտուի տարբեր ազգերու հետ «համակեցութեան» անհրաժեշտութիւնը։ Այսինքն, մեր հարեւանները մեր եղբայրներն են եւ անոնց հետ պիտի ապրինք։ Այո՛, պիտի ապրինք, բայց ո՞ր հարեւանի հետ. Այն հարեւանի, որ այսօր թուրք-ատրպէյճանական զօրքերով Հայաստանի սահմանին զօրավարժութիւններ կը կատարէ եւ մեզի կը սպառնայ, որ վաղը կամ միւս օր Երեւան պիտի մտնեն… խաղաղասիրութեան կոչերով մեր զինուորին թեւաթափ ընե՞նք, ոգին կոտրե՞նք այն զինուորին, որ 30 տարի միայն յաղթած է»։

Վերջերս պարզուեցաւ, որ Հայաստանի կրթական նիւթերու «Հայոց պատմութիւն», «Համաշխարհային պատմութիւն», «Հասարակագիտութիւն» առարկայական չափորոշիչները մշակող փորձագէտներու խումբի ղեկավարը Լիլիթ Մկրտչեանը, մի քանի այլ անձերու հետ 2017 – 2019 թուականներուն թուրքերու հետ համատեղ հեղինակած են “History Education in Schools in Turkey and Armenia. A Critique and Alternatives” («Պատմութեան ուսուցումը Թուրքիոյ և Հայաստանի դպրոցներուն մէջ. քննադատութիւն և այլընտրանքներ») աշխատութիւնը, որտեղ մանրամասն ներկայացուած է, թէ ի՞նչ չափորոշիչներով պէտք է առաջնորդուին Հայաստանի և Թուրքիոյ կրթական ոլորտի պատմութեան դասագիրքերը կազմելու ընթացիքն։

Ներկայ դրութեամբ, վերոնշեալ Լիլիթ Մկրտչեանը նշանակուած է չորս դպրոցական նիւթերու փորձագիտական խումբի ղեկավար։ Այս հանգամանքը Հայաստանի ակադեմական շրջանակներուն խիստ մտահոգութեան տեղիք տուած է և ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտը դիմած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, որովհետև ինչպէս պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան կը հաստատէ. «այստեղ պետական և ազգային անվտանգութեան հարցերի հետ կապուած խնդիրներ ենք տեսնում»։

Հարցի խորքային քննարկումը կատարելու համար, «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեան հարցազրոյց ունեցաւ պատմաբան ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի հետ։

Հարցազրոյց ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի հետ

«Այս նոր չափորոշիչները կ՚ենթադրեն ապազգայնացում». Հարցազրոյց ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի հետ- «Ես հոգու պարտք ունիմ, եւ պիտի պայքարիմ այս չափորոշիչներուն դէմ»։- «Չափորոշիչներուն մէջ «հայրենասիրութիւն բառը չկայ, սակայն բազմաթիւ տեղեր կը շեշտուի տարբեր ազգերու հետ «համակեցութեան» անհրաժեշտութիւնը։ Այսինքն, մեր հարեւանները մեր եղբայրներն են եւ անոնց հետ պիտի ապրինք։ Այո՛, պիտի ապրինք, բայց ո՞ր հարեւանի հետ. Այն հարեւանի, որ այսօր թուրք-ատրպէյճանական զօրքերով Հայաստանի սահմանին զօրավարժութիւններ կը կատարէ եւ մեզի կը սպառնայ, որ վաղը կամ միւս օր Երեւան պիտի մտնեն… խաղաղասիրութեան կոչերով մեր զինուորին թեւաթափ ընե՞նք, ոգին կոտրե՞նք այն զինուորին, որ 30 տարի միայն յաղթած է»։Վերջերս պարզուեցաւ, որ Հայաստանի կրթական նիւթերու «Հայոց պատմութիւն», «Համաշխարհային պատմութիւն», «Հասարակագիտութիւն» առարկայական չափորոշիչները մշակող փորձագէտներու խումբի ղեկավարը Լիլիթ Մկրտչեանը, մի քանի այլ անձերու հետ 2017 – 2019 թուականներուն թուրքերու հետ համատեղ հեղինակած են “History Education in Schools in Turkey and Armenia. A Critique and Alternatives” («Պատմութեան ուսուցումը Թուրքիոյ և Հայաստանի դպրոցներուն մէջ. քննադատութիւն և այլընտրանքներ») աշխատութիւնը, որտեղ մանրամասն ներկայացուած է, թէ ի՞նչ չափորոշիչներով պէտք է առաջնորդուին Հայաստանի և Թուրքիոյ կրթական ոլորտի պատմութեան դասագիրքերը կազմելու ընթացիքն։ Ներկայ դրութեամբ, վերոնշեալ Լիլիթ Մկրտչեանը նշանակուած է չորս դպրոցական նիւթերու փորձագիտական խումբի ղեկավար։ Այս հանգամանքը Հայաստանի ակադեմական շրջանակներուն խիստ մտահոգութեան տեղիք տուած է և ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտը դիմած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, որովհետև ինչպէս պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան կը հաստատէ. «այստեղ պետական և ազգային անվտանգութեան հարցերի հետ կապուած խնդիրներ ենք տեսնում»։ Հարցի խորքային քննարկումը կատարելու համար, «Հորիզոն»ի խմբագրակազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեան հարցազրոյց ունեցաւ պատմաբան ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի հետ։

Posted by Horizon Weekly on Tuesday, August 4, 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.