Եռագոյնին հպարտանքը

Ես զայն զգացած եմ մանուկ տարիքէս։

Եռագոյնը իր մնայուն տեղը ունէր այնտեղ՝ մեր տան Դաշնակցութեան խորանին մէջ, որ մայրս սարքած էր՝ ՀՅԴ զինանշանին, երրորդութեան եւ կարգ մը հերոսական դէմքերու նկարներուն վերեւ (մտաւորականներ, յատկապէս, որոնց հանդիպած էր, որոնցմէ ներշնչուած էր), կարծես անոնց որպէս հովանի։ Կարելի է այս մասին կարդալ «Ոստայն 3- Հաղորդութիւն» հատորիս մէջ («Ահա, եղբայր, քեզ մի դրօշ – Եռագոյնին յաճախանքը»)։

Չեմ գիտեր ի՞նչ էր, որ այն ատեն այդպէս հպարտութեամբ կը լեցնէր հոգիս. դրօշակին գոյներու գեղեցկութի՞ւնը, ծնողքիս տածած պաշտամո՞ւնքը մեր Եռագոյնին նկատմամբ, մեր ստացած դաստիարակութի՞ւնը «սրահ»-էն ներս,– այդպէս կը կոչէինք մեր ակումբը,– որ մեր մէջ կը սերմանէր ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը, թէ՞ այլ բան մը որ, դժուար է բնութագրել։ Գիտեմ, սակայն, որ անկախ պետականութեան բացակայութեան սեփական դրօշ ունենալն ու պահելը ի՛նչ մեծ դեր խաղաց աշխարհացրիւ իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ վառ պահելու համար հայ ըլլալու, հայօրէն ապրելու եւ մեր իրաւունքներուն պահանջատէր մնալու տեսակէտէն։

Եռագոյնն ու Մայիս 28-ը հոմանիշներ էին մեզի համար եւ ամեն տարի երբ կը նշէինք Հայաստանի յարութեան տարեդարձը ու վերստին կը ծածանէր հայոց դրօշը ոչ միայն մեր բեմերուն վրայ, մեր կեդրոններու ճակատներուն, այլեւ մեր հոգիներո՛ւն մէջ իսկ, ա՛լ աւելի կ՚ամրանար ու կը բազմապատկուէր մեր վճռակամութիւնը շարունակելու մեր պայքարը յանուն ազատ, անկախ ու միացեալ մեր հայրենիքին։

Յետոյ գիտցանք, որ Եռագոյնին պաշտամունքը նոյնպէս անեղծ էր մնացած հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ, հակառակ եօթանասուն տարուան զո՛ւր ճիգերուն՝ զայն մոռցնելու, պատմութեան թանգարա՜նը աքսորելու, բայց մանաւանդ հոգիներէն վերցնելու համար։

Այսօր, մեր ազգային կեանքի ներկայ փոթորկալից այս փուլին, աւելի քան երբեք պէտք է գիտակցիլ ազգային դրօշի կարեւորութեան։

Կ՚ուզեմ այստեղ վկայակոչել Քեպէգի ամենէն հանրածանօթ աւագ անձնաւորութիւններէն պատմաբան ու ընկերաբան Gérard Bouchard-ը, որ վերջերս կ՚անդրադառնար ներկայ համավարակի տագնապին ու անկէ դուրս գալու այլազան միջոցառումներուն։ Le Devoir օրաթերթի 2020 մայիս 10-ի թիւին մէջ իր La COVID-19, ou le «retour» de la nation ( COVID-19-ը կամ ազգին «վերադարձը») իր ուշագրաւ յօդուածին մէջ, հաստատելէ ետք թէ ինչպէս միջազգային կազմակերպութիւններէն աւելի ու անոնցմէ առաջ, ազգերը իրենք իրե՛նց ներուժին վրայ ստիպուած եղան հաշիւ ընել՝ դիմակայելու համար համաճարակի յարձակումը եւ մեղմացնելու համար անոր գործած աւերները, եւ առանց նսեմացնելու համաշխարհային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը այդ տեսակէտէն, ան տեղ մը կը նշէ թէ միջազգային համաձայնութիւնները ի վերջոյ պետութիւններու միջեւ է, որ կը կայանան, եւ թէ «մեծ ուժերը բոլորն ալ խոր արմատներ ունեցող ազգեր են (եւ այդպէս ալ վճռած են մնալ)» եւ թէ «միջազգային բոլոր մարզական մրցոյթները ազգային դրօշներու փառատօներ են»։ Ազգային դրօշներու փառատօներ…

Արդարեւ ո՞ւր է, որ ազգային դրօշները ամենէն աւելի մեծ հպարտութիւն կ՚առթեն, եթէ ոչ ողիմպիական խաղերու կամ նման մեծ իրադարձութիւններու ատեն, երբ, որեւէ խաղի մրցոյթէ ետք, կայմերէն վեր կը բարձրանան ազգային դրօշները, գրեթէ ամբողջ աշխարհը ընդգրկող եւ իրենց աչքերը դաշտին կամ սեփական պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ սեւեռաած դիտողներու բազմութեան առջեւ՝ հպարտութիւն ընծայելով ոչ թէ պարզապէս մրցանակակիր մարզիկներուն այլեւ ու մանաւանդ անոնց ազգերո՛ւն։

Այսօր անժխտելի իրականութիւն մըն է այս, որ մեզ պիտի մղէ նաեւ մտածելու, թէ մեր քաղաքական բոլոր աշխատանքներէն անդին, պետութիւն կերտելու մեր բոլոր խարխափումներէն ալ անդին, Հայ դատի հետապնդման ամենէն ազդեցիկ դաշտերէն մէկը, եթէ ոչ ամենէն ազդեցիկը՝ մարմնամա՛րզն է։ Ճանչցուելու, յարգուելու եւ լսուելու գրաւականը այդ կայմերուն վրայ Եռագոյնի բարձրացման յաճախակիութի՛ւնն է։  Ասիկա քանիցս արտայայտուած թեզն է մեծ Շաւարշին եղբօր թոռ՝ բժ. Շաւարշ Քրիսեան ընկերոջս, որուն կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ձայնակցիլ։

Բայց այդ բարձրացող Եռագոյնները պիտի չծառայեն միայն մեր ձայնը օտարներու հասանելի դարձնելու համար։ Անոնք ամենէն առաջ ու ամենէն աւելի նոր սերունդին մէջ պիտի ստեղծեն հայ ըլլալու հպարտութիւնը եւ հայութիւնը յաւերժացնելու կամքը։

Ուստի չմոռնանք նաեւ շեշտել կարեւորութիւնը մեր մարմնակրթական կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄ-ի դերակատարութեան։

Ահա Եռագոյնին մեզի շնորհելիք հպարտութեան կարեւորութիւնը այսօր եւս։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.