ԵՄ-ն կոչ կ՚ուղղէ յարգել ընտրութիւններու արդիւնքները՝ անտեսելով արձանագրուած բազմաթիւ խախտումները
- (0)

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հայաստանի մէջ իշխանութեան վերարտադրութիւնը նախապէս ողջունած եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին աջակցութիւն յայտնած Եւրոպական Միութիւնը այժմ կոչ կ՚ուղղէ բոլոր քաղաքական ուժերուն՝ յարգել յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները եւ ընտրական վէճերը լուծել բացառապէս իրաւական միջոցներով։
ԵՄ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ ընտրութիւնները կազմակերպուած են ներառական մթնոլորտի մէջ, ներկայացուած են քաղաքական այլընտրանքներ եւ ընդհանրապէս տեղի ունեցած են ամուր իրաւական հիմքի վրայ՝ յղում կատարելով ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի նախնական գնահատականներուն։ Միաժամանակ, ԵՄ-ն ընտրական գործընթացը ներկայացուցած է որպէս Հայաստանի ժողովրդավարական դիմակայունութեան եւ եւրոպական ուղեգիծին հաւատարմութեան արտայայտութիւն։
Յայտարարութիւնը նաեւ կը պնդէ, թէ նախընտրական շրջանը անցած է Ռուսիոյ «աննախադէպ միջամտութեան» եւ «հիբրիտային յարձակումներու» պայմաններուն մէջ, սակայն կը շեշտէ, որ Հայաստանի քաղաքացիները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան եւ Եւրոպայի հետ աւելի սերտ կապերու նկատմամբ։
Միեւնոյն ժամանակ, ԵՄ-ի յայտարարութիւնը որեւէ անդրադարձ չի կատարեր ընտրութեան օրը եւ նախընտրական շրջանին արձանագրուած բազմաթիւ խախտումներուն, վարչական լծակներու լայն կիրառման, ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւններուն, ընտրողներու նկատմամբ ճնշումներուն եւ այլ մտահոգութիւններուն, որոնց մասին ահազանգած էին թէ՛ տեղական դիտորդները, թէ՛ որոշ միջազգային դիտորդական առաքելութիւնները։