Դաշնակցական Երիտասարդները Շահան Նաթալիի Գիրքը Կը Յանձնեն «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան

երկուշաբթի, 15 մարտ 2021-ին, Ազգային ժողովի Բաղրամեան պողոտայի մուտքին դիմաց ՀՅԴ երիտասարդներ նախաձեռնութիւն մը կատարեցին եւ իրենց հետ բերած Շահան Նաթալիի «Թուրքերը եւ մենք» գիրքը ուզեցին ձգել Ազգային ժողովի մուտքին, որպէսզի յանձնեն «Իմ քայլը» խմբակցութեան:

«Այսօր Սողոմոն Թեհլիրեանի իրականացուցած վրիժառու արարքին 100-ամեակն է: Կ՛ուզենք «Թուրքերը եւ մենք» գիրքը նուիրել «Իմ քայլը» խմբակցութեան: Վստահ եմ, որ այս խմբակցութեան մեծ մասը այսօրուան  կարեւորութեան եւ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին տեղեակ չէ: Վստահ եմ, որ եթէ իրենք այդ ժամանակ հայկական իրականութեան մէջ դերակատարներ ըլլային, «Նեմեսիս» գործողութիւնը տեղի պիտի չունենար, եւ եթէ դերակատար ալ չըլլային, իբրեւ «մարդասէրներ» եւ «թրքասէրներ» կը դատապարտէին «Նեմեսիս» գործողութիւնը», նշեց ՀՅԴ-ի անդամ Գոռ Սարգսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամները պէտք է կարդան, հասկնան, որ հայոց պատմութեան մէջ հայ դաւաճաններուն միշտ կը տրուի իրենց պատիժը: «Ամէն ժամակահատուած` այդ ժամանահատուածին բնորոշ պատիժ եղած է, եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամները թող իրենց մէջ գտնեն դաւաճանները եւ սպասեն այսօրուան ժամանակաշրջանին համապատասխան պատիժի, որովհետեւ այս իշխանութիւնները դաւաճանական գործողութիւն կատարած են` Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ»:

Անոնք նշեցին, որ գիրքը այսօրուան իրականութեան եւ թուրքերուն հետ բարեկամութեան մասին է, իսկ այսօրուան կեղծ խաղաղասիրութեան առաջամարտիկներն էին, որոնք երկիրը հասցուցին այս վիճակին:

Ոստիկանները շարժումի մասնակիցներուն ըսին, որ Ազգային ժողովին մէջ մարդ չկայ, եւ չեն կրնար գիրքը յանձնել: Մասնակիցները նշեցին, որ գիրքը նամակատան միջոցով պիտի ուղարկեն «Իմ քայլը» խմբակցութեան. «Յատկապէս կ՛ուզենք, որ Անդրանիկ Քոչարեանը եւ քանի մը պատգամաւորներ կարդան»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.