Աւստրալահայ Գրքաշարեան Ընտանիքը բնակարան Նուիրեց Գիւմրեցի Ընտանիքին
Քանի մը օր անց կը նշուի Սպիտակի երկրաշարժի տարելիցը: Հազարաւոր մարդոց կեանքեր խլած աղէտէն 29 տարի անց դեռ կան ընտանիքներ, որոնք կը շարունակեն բնակիլ տնակներու մէջ: Օրերս այդ ընտանիքներուն թիւը մէկով պակսեցաւ: Աւստրալահայ հասարակական ու մշակութային գործիչ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, Ստեփան Գրքաշարեանի եւ անոր տիկնոջ` Հիլտա Կայիկեան-Գրքաշարեանի անձնական միջոցներով Գիւմրի ապրող Ռեգինա Առուստամեանի ընտանիքին բնակարան տրամադրուեցաւ: 8 տարեկան դուստր եւ 7 տարեկան որդի ունեցող Ռեգինայի ընտանիքը Պաքուէն 29 տարի առաջ Գիւմրի տեղափոխուած է, երբ ան ընդամէնը 8 ամսական եղած է: Անոր հայրը` Ղարիբ Առուստամեան, որուն անունով այսօր կը կոչուի Ամասիայի տարածաշրջանի Ողջի գիւղի միջնակարգ դպրոցը, զոհուած է Արցախի ազատամարտին:
«Երբ ոեւէ մէկը մարդասիրական զգացումներ ունի, միաժամանակ` հայասէր է, հնարաւոր չէ անտարբեր մնայ ուրիշի ցաւին հանդէպ: Իմ եւ կնոջս` Հիլտայի ծնողները Հայոց ցեղասպանութեան փրկուածներ են եւ շատերուն նման բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարած են ո՛չ միայն ապրելու, այլեւ կայանալու համար: Մենք ինչ ունինք` Աստուծոյ շնորհիւ է, եւ մեր պարտականութիւնն է բաժնել այն ուրիշներու հետ, այն մարդոց, որոնք ունին այդ ամէնուն կարիքը,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Ստեփան Գրքաշարեան եւ աւելցուց, -Անցեալ տարի, երբ Հայաստան էինք, այցելեցիք Գիւմրի եւ տեսանք, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ’ապրէին մարդիկ, երանի կարենայինք աւելի շատ մարդոց օգնել: Երբ ծանօթացանք Ռեգինայի ընտանիքին, որոշեցինք հէնց անոնց օգնել: Գիտէք, թէ մեզի ինչը զարմացուց: Այն, որ նման պայմաններու մէջ անգամ, լուռ համակերպելով իր վիճակին, չէր չարացած, կը շարունակէր ժպտալ, մայրական սիրով ու նուիրուած մեծցուցած է իր զաւակները: Տեսնելով այդ ամէնը` կարծես ներքին գոհունակութեամբ կը լեցուիս այդ մարդոց հանդէպ, ու դուն քեզի հարց կու տաս ինչպէս կրնաս չօգնել: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ էր, որ Ռեգինան ընդունեց զայն:
Եւ ցանկութիւնս է, որ ուրիշներն ալ (Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող) պահ մը խորհին այս մասին, եւ իրենց ունեցուածքը բաժնեն ուրիշներու հետ: Կարեւոր չէ, թէ որքան ունիս, կարեւորը, թէ դուն որքան կը բաժնես: Եթէ նոյնիսկ մէկ տոլար է քու ուեցածդ, ատիկա պիտի կիսես անոր հետ, որ ունի ատոր կարիքը»:
Այսօր արդէն, Ռեգինան եւ իր երկու փոքրիկները կ’ապրին նոր բնակարանի մէջ, որ օրհնած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեան:
Աւելցնենք, որ սա Գրքաշարեան ընտանիքի առաջին բարեգործական քայլը չէ Հայաստանի մէջ: Անոնք անցեալ տարի Քարվաճառի մէջ կառուցած են Հայոց բանակի երկու հոգեւոր սպասաւորներու կացարան:
2016 թուականին կայացած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ ՀԲԸՄ Հայորդաց տուներու սաներու ձեւաւորման կիրառական աշխատանքներու մրցանակաբաշխութեան ամփոփումը: Յաղթողները համակարգիչներ ստացած են Գրքաշարեան ընտանիքին կողմէ: Վերջիններս կը հոգան նաեւ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ 2 ուսանողի վարձավճարը:
Նշենք նաեւ, որ Սիտնիի համալսարանին մէջ կը գործէ «Գրգաշարեան եւ Կայիկեան» հիմնադրամը, որ կրթաթոշակներ կը տրամադրէ, կը հովանաւորէ հայոց պատմութեան ու մշակոյթին, եկեղեցւոյ պատմութեան եւ, առհասարակ, հայութեան առնչուող որեւէ թեմայի նուիրուած թեկնածուական, դոկտորական ատենախօսութիւններու հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ ոեւէ աշխարհահռչակ հայու աշխատանքը: