Արտաքին սպառնալիքը իր նոր ժանիքներով…

Կարօ Արմենեան

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաձևաւորման այս սկզբնական փուլին մէջ մենք զմեզ կը գտնենք ԱՄՆ-ի Նախագահին կողմէ աշխարհի քաղաքական բեմին ուղղուած հերթական մարտահրաւէրին առջև։ ԱՄՆ չեղեալ կը յայտարարէ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրը միաժամանակ խիստ արգելքներ խոստանալով Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ գտնուող ամերիկեան հաստատութիւններուն։ Աւելի՛ն։ Պատժամիջոցներու սպառնալիքը ուղղուած կը թուի ըլլալ նաև բոլոր այն երրորդ երկիրներուն (ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը), որոնք երկ-կողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ են Իրանի հետ։

Իրան Հայաստանի չորրորդ ամենամեծ առևտրական գործընկերն է և անշուշտ Հայաստանի կապը Իրանի հետ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի մեր երկրին համար։ Ան մեծապէս կենսական է և անզանցառելի՝ բոլոր արտաքին պատժամիջոցներէն առաջ ու ետք։ Ոչ մէկ Թրամփ ի վերջոյ ի վիճակի է հայ-իրանական այս կենսական երակը խափանելու։ Բայց յարաբերութիւններու այսօրինակ սրումը յղի է ծանրագոյն հետևանքներով Հայաստանի և Արցախի համար։

Այսօր բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ այս տագնապին իսկական հրահրիչը Իսրայէլն է, որ շնորհիւ իր ներքին ամերիկեան խարիսխին յաջողած է «զօրաշարժի ենթարկել» վարչակազմի երեք սիւները յանձինս ՊետՔարտուղար Փոմփէոյի, Անվտանգութեան Պետ Պոլթընի և Պաշտպանութեան Քարտուղար Զօր. Մաթիսի։ Այս տագնապէն մեծապէս նպաստաւորուելու դիրքին վրայ կը գտնուին Ազրպէյճան և Թուրքիա… Եւ անշուշտ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան կրնայ ինքզինք գտնել հայ-ռուսական կապերու առաւել սերտացման պարտադիր նոր փուլի մը մէջ ի հեճուկս բազմակողմ դիւանագիտութեան։

Վարչապետ Փաշինեանի փոխընտրութիւնները սահմանափակ են։ Հայ դիւանագիտութեան նաւը մեծ դժուարութեամբ է, որ ճամբայ կը կտրէ։ Թրամփի որոշումը ուղիղ հարուած կու տայ մեր ազգային անվտանգութեան, եթէ կացութիւնը թողունք իր բախտին։ Որպէսզի կարելի ըլլայ այս վտանգը դիմագրաւել՝ Պր. Վարչապետը այժմէն իսկ պիտի գործի լծէ մեր ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ընդգրկելով գործին մէջ…Եւ հոս է մեր իսկական յաղթանակին գաղտնիքը։

Մայիս 11, 2018
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.