Անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդը դառնայ ազգ-բանակ

«Այս դժուարին պահուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով, Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցով, ուղեկից միութիւններով ու համակիրներով կանգնած է հայկական զոյգ պետութեանց, հայկական  բանակին կողքին: Ինչպէս միշտ, մենք պատրաստ ենք մեր բոլոր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնել Հայրենիքին ու հայութեան անվտանգութեան եւ զարգացումին։»։ ՀՅԴ Բiւրոյի այս յայտարարութեան եւ այլ հարցերու շուրջ Մոնրթէալի «Հայ Հորիզոն» հեռուստաընկերութիւնը զրոյցի հրաւիրած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին։

Հայ Հորիզոն – Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«ԱնհրաԺեշտ է, որ մեր ամբողջ ժողովուրդը՝ ազգ-բանակ հասկացողութեամբ, դառնայ ինքնին ամբողջական մէկ բանակ, երբ պայմանները կը պարտադրեն, որպէսզի մենք դէմ դնենք մեր բազմաթիւ թշնամիներուն, որոնք ունին տակաւին նկրտումներ Հայաստանի նկատմամբ»։«Հայ Հորիզոն»ի հիւրն է՝ #ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը Hagop Der Khatchadourian:

Posted by Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն / Armenian Revolutionary Federation on Sunday, July 19, 2020

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.