«Այս Իշխանութեան Մնալը Ազգային Աղէտ Է, Որովհետեւ Ամէնօրեայ Դրութեամբ Ականատես Կ՛ըլլանք Պարտուողական Նոր Դրսեւորումներու» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

21 դեկտեմբեր 2020-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ կատարեց «Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական զարգացումները» նիւթով հարցազրոյց մը, զոր վարեց կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, եւ որուն առաջին մասը կը ներկայացնենք ստորեւ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

«Վ. Ձ.».- Յաճախ ըսուած եւ կրկնուած է, որ որքան մեծ ըլլան մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած խնդիրները, այնքան աւելի մեծ եւ ամուր պէտք է ըլլայ հայութեան համախմբումը:  Այսօր, սակայն, մենք հակառակին փաստն է, որ կը տեսնենք: Ինչո՞ւ այս կացութիւնը ստեղծուեցաւ, պատերազմը,  որ պէտք է համախմբէր մեզ ինչո՞ւ տարբաղադրեց, երկփեղկեց եւ, ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս կրնանք դուրս գալ ասկէ: 

Յ. Տ. Խ.- Կասկած չկայ, որ պատճառը պատերազմի հետեւանքն է, բնականաբար: Բոլորս ականատես եղանք այն համահայկական միասնութեան, որ գոյութիւն ունէր ամբողջ պատերազմին ընթացքին, եւ հակառակ անոր որ մենք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էինք իշխանութիւններուն, որ պէտք է ժողովուրդը նախապատրաստել հաւանական արդիւնքին, հակառակը տեղի ունեցաւ: Ապատեղեկատուութեամբ ժողովուրդին ակնկալութիւնները այնքան բարձրացան, որ իրականութեան պարտադրած ամբողջական յուսախաբութեան լոյսին տակ այս պատկերը կը պարզուի: Եթէ Փաշինեան անդրադառնար, որ հայ ժողովուրդը կրած է իր նորօրեայ պատմութեան մեծագոյն պարտութիւնը, ուստի ինք կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը եւ գլխիկոր կը հեռանայ, այս կացութեան դէմ յանդիման չէինք գտնուեր, որովհետեւ այդ պատասխանատուութեան ստանձնումը կու տար իր արդիւնքը, եւ կացութիւնը կը ձգուէր նոր կառավարութեան, որ նոր մօտեցումներով պիտի կարենար յառաջ տանիլ բանակցութիւնները: Երբ ատիկա տեղի չունեցաւ, դժբախտաբար, ատիկա համազօր եղաւ դաւաճանութեան, եւ տակաւին կան շատ մը բացայայտելի կէտեր, որոնք յարաբերական հանդարտութեան մէջ ի յայտ պիտի գան եւ անպայման պէտք է գան, որովհետեւ այդ վերլուծումի բաժինը կը ձգուի ապագային ու պատմութեան, բայց իրականութիւնը այն է նաեւ, որ այլեւս կարելի չէր ժողովուրդը խաբել, կարգախօսներով առաջնորդել, ամբոխահաճ մօտեցումներով յառաջ շարժիլ եւ այդ հսկայ պարտութենէն ետք գործել այնպէս, կարծէք ոչինչ կատարուած է, կառավարութիւնը մնայ իր տեղը` կարգ մը փոփոխութիւններով, որոնք անընդունելի փորձեր էին ծածկելու պարտութիւնը:  Այս բոլոր զարգացումներուն լոյսին տակ ստեղծուեցաւ այս լուրջ հակազդեցութիւնը, տեղի ունեցան հրաժարականներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը արտայայտեց իր ցասումն ու ընդվզումը: Մինչեւ այսօր, դժբախտաբար, քայլերու կը դիմուի կասեցնելու ընդդիմութեան թափը, ինչպէս` երեք օր սուգ յայտարարելը եւ սգոյ երթ կազմակերպելը, ինչ որ հաճելի երեւոյթ չէ, որովհետեւ խոր սուգի մէջ գտնուող ժողովուրդը, իրենց զաւակներուն ու հայրերուն կորուստին ցասումը սրտին ու չսպիացած վէրքեր ունեցող հայորդիներու ներաշխարհը գրգռելը իսկապէս անընդունելի է եւ դուռ բացաւ ընդհարումներու: Մեր ցաւն ալ այն է, որ կարծէք ասիկա ծրագրուած էր, որպէսզի այդ արդիւնքը ունենայ:

«Վ. Ձ.».-  Հիմա հասած ենք հոն, ուր հասած ենք, մարդիկ հարց կու տան, թէ ելքը ի՞նչ է, քաղաքական շրջանակներ նկատել կու տան, որ կայ քանի մը բեմագրութիւն. մէկը այն է, որ վարչապետը հրաժարի եւ իր խմբակցութենէն, իրեն մօտիկ անձնաւորութիւն մը ձեռնարկէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու, այլ տարբերակ է այն, որ ինք ձեռնարկէ արտահերթ ընտրութիւններու, իսկ երրորդը այն է, որ ինք հրաժարի, եւ Վազգէն Մանուկեան գայ եւ գոյակցի այս իշխանութեան, այս խորհրդարանին հետ: Այս տարբերակներէն ո՞րն է ամէնէն հաւանական լուծումը, ըստ ձեզի:   

Յ. Տ. Խ.- Բնականաբար մեր նախընտրածը երրորդ բեմագրութիւնն է` Ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը, թէեւ կան նաեւ այլ տարբերակներ, բայց վստահ եմ, որ բոլորս ալ կ՛անդրադառնանք, թէ այսօր հայաշխարհին մէջ` համահայկական կազմակերպութիւններէն սկսեալ մինչեւ հանրապետութեան նախագահ, երկու կաթողիկոսներ, Հայաստանի քաղաքական գրեթէ բոլոր շրջանակները լրիւ համոզուած են, որ այս վարչապետը պէտք է հրաժարի եւ հեռանայ: Տարբերութիւններ կրնան ըլլալ այդ հեռացումէն ետք պատկերացումներուն մէջ, բայց այսօր կայ ընդհանուր համախոհութիւն, բացի իմքայլական շրջանակներէ, որ այս վարչապետը եւ իր խումբը կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը, ուստի հեռանալէ բացի ոչ մէկ ընտրանք ունին, որպէսզի նոր շունչ տրուի ժողովուրդին եւ նոր առիթ կազմաւորուող խումբին, որպէսզի ապագայի լուրջ բանակցութիւններուն մէջ մենք կարենանք արժանապատիւ կեցուածքով դուրս գալ: Ուրեմն մեզի համար ամէնէն նախընտրելին այդ համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնն է, որպէսզի կարելի ըլլայ այս գործընթացները իրենց բնական հունին մէջ դնել, ցնցումներէ խուսափիլ, ժողովուրդին մէջ համերաշխութիւն սերմանել, բաժանարար, քինախնդիր, ոխի հոգեբանութենէն դուրս բերել հասարակութիւնը եւ 6 ամիսէն մէկ տարուան ժամանակաշրջանէ ետք կատարել արտահերթ ընտրութիւններ: Վազգէն Մանուկեան ինք յայտարարած է, ի պատիւ իրեն, որ ինք կ՛ուզէ այդ անցումային շրջանի ղեկավարութիւնը ստանձնել ընդդիմութեան հետ, բայց ինք ապագայի թեկնածու չէ, այլ մէկ տարուան ընթացքին առիթ պիտի տրուի ուժերու ձեւաւորման, ծրագիրներու պատրաստութեան եւ ներկայացման, որուն լոյսին տակ ժողովուրդը պիտի ընտրէ իր ապագայի իշխանութիւնը:

Ասիկա նախընտրելին է, բայց հաւանականը կը մնայ վերլուծումի եւ ենթակայական կարծիքի դաշտին մէջ: Կասկած չկայ, որ եթէ այս իշխանութիւնը եզրակացուցած ըլլար, որ արտահերթ ընտրութիւնները իրեն համար շատ աւելի նպաստաւոր են, անմիջապէս կը կազմակերպէր, սակայն ունի մտավախութիւն, որ այլեւս ամբողջովին հակակշռելի չէ քաղաքական դաշտը, այնպէս չէ, որ իմքայլական խումբը միատեսակ մտածողներէ բաղկացած է, արդէն սկզբունքային լուրջ խնդիրներու պատճառով ականատես եղանք պատգամաւորական այդ խմբակցութենէն հրաժարականներու: Ուրեմն կայ կասկած, որ հրաժարականի պարագային, նոյնիսկ եթէ իրենք փորձեն յատուկ բեմագրութիւն մը իրականացնել, այսօրուան խորհրդարանը ամբողջութեամբ տեղի չտայ այդ բեմագրութեան քուէարկութեան: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛նչ լուծման պիտի յանգինք, բայց հաստատ է, որ մենք ժողովրդային ճնշումը պիտի շարունակենք, այս անընդունելի կացութեան վերջ պէտք է տրուի, իսկ այդ վերջին սկիզբը իր հրաժարականն է, անկէ ետք բանակցութիւններով կը ճշդուի յաջորդ քայլը:

«Վ. Ձ.».- Ընդդիմութիւնը, նաեւ դուք, շեշտը կը դնէք անցնցում եւ ինքնակամ հեռացման վրայ, սակայն ինքնակամ հեռացման նշաններ չեն երեւիր, իսկ անցնցում հեռացումը կ՛ենթադրէ սահմանադրական, օրինական միջոցներով հեռացում, ինչ որ կը նշանակէ հեռացում` Ազգային ժողովին միջոցով, ինչ որ նաեւ անկարելի ըլլալ կը թուի: Հետեւաբար, չէ՞ք կարծեր, թէ այսօր մենք կանգնած ենք փակուղիի դիմաց, եւ եթէ ներքին թէ արտաքին ազդակներ բեկում չբերեն, այս կացութիւնը կրնայ այսպէս շարունակուիլ երկար ատեն:  

Յ. Տ. Խ.-  Ես կը կարծեմ, թէ վարչապետը համոզուած է, որ իր ժամանակը սպառած է եւ պէտք է մեկնի, ես ատոր հաւատք ունիմ, պարզապէս առաւելագոյն ձգձգումի քաղաքականութեան փուլի մէջ ենք, ինք կառչած կ՛ուզէ մնալ աթոռին, որուն համար կը ցաւիմ, որովհետեւ այս կը նշանակէ, թէ անոր մօտ չէ հասունցած այն հասկացողութիւնը, որ ամէն պատուաւոր հայ պէտք է ունենար, յատկապէս հայ ղեկավար, թէ կու գայ պահը, երբ ստիպուած ես քու անձնական շահերդ ստորադասելու ազգային կամ հայրենի շահերուն: Մենք կ՛ակնկալէինք, որ ինք այդ հասկացողութիւնը ունենայ, ատոր համար է, որ անցնցում, սահմանադրական ձեւով հարցը յառաջ տանելու ուղին ընտրած ենք, ինչ որ ներկայիս միակ ուղին է, բայց եթէ ստեղծուին այնպիսի կացութիւններ, որ այլեւս վերածուի ամբողջական քաոսի, եւ վիճակը անհակակշռելի ըլլայ, իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է վերարժեւորէ կացութիւնը եւ տեսնէ, թէ ի՛նչ յատուկ ելքեր գոյութիւն ունին:

Այսօր մենք տակաւին կը հաւատանք, որ ժողովրդային ճնշումով, հրաժարականի շարունակական պահանջներով, իր եւ իր անմիջական գործակիցներու մեկնումին շուրջ գոյացած համախոհութեամբ կարելի ըլլայ փոփոխութիւն յառաջացնել, մանաւանդ որ կ՛ուզենք հաւատալ, թէ իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն մէջ ալ կան մտածող տարրեր, որոնք` ազգային շահերէ մեկնած, իրենք ալ ստիպուած են եզրակացութեան յանգելու, իսկ այդ պահը պիտի գայ, երբ կտրուկ քայլ առնուի եւ հարցը բերուի խորհրդարան: Կայ յոյս. վերջ ի վերջոյ երկու խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը` թէ՛ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, թէ՛ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը անոր հրաժարականին նկատմամբ համախոհ են, թերեւս տարբերութիւններ ըլլան ապագային նկատմամբ, սակայն անոր մեկնումին գծով մէկութիւնը առկայ է: Եթէ կարելի ըլլայ համոզել բաւական մեծ շրջանակ, կը կարծեմ, թէ պիտի կարենանք յաջողիլ սահմանադրական ճամբով մեր փափաքած փոփոխութիւնները յառաջացնել, բայց եւ այնպէս պահուան թելադրութեամբ պիտի գործենք: Մէկ բան յստակ է, ինչպէս նշեցիք, կան ներքին եւ արտաքին ճնշումներ. ներքինը ժողովրդային է եւ արդէն սկսած է աննահանջ` Արժանապատուութեան երթերով եւ այլ շարժումներով, բայց եւ այնպէս ժողովուրդին մէջ կայ հսկայ զանգուած մը, որ զգուշաւորութիւն ցոյց կու տայ հիմնական քանի մը պատճառներով. առաջին` «Քորոնա»-ի համաճարակը տակաւին կը տիրէ երկրին մէջ, ամէն մարդ չէ, որ փողոց իջնելու քաջութիւնը ունի, երկրորդ` ռազմական դրութիւնը ամբողջովին չէ վերացուած, հակառակ անոր որ կարգ մը արգելքներ դատարանին ճամբով վերցուեցան, կայ նաեւ ցնցումը, սուգը, ցաւը, որ ժողովուրդին մէկ մասը շոքի մէջ կը պահէ, որովհետեւ այսպիսի համազգային մակարդակի աղէտ, զոր մենք չենք տեսած մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, ժամանակի կը կարօտի մարսելու, ընկալելու: Այս շփոթ վիճակին մէջ ես որոշ չափով կը հասկնամ զանգուածի մը անտարբերութիւնը, որովհետեւ անոնք կողմնորոշուելու հարց ունին, նաեւ կը յուսամ, որ մեր աշխատանքներով կարենանք համոզել, որ մեր ձեւն է ճիշդը, այդ հատուածն ալ միանայ եւ վերջ ի վերջոյ  անոր համբերութիւնն ալ հատնելով անցնի գործի:

«Վ. Ձ.».- Քաղաքական պայքարի ներկայ փուլին ՀՅ Դաշնակցութեան կ՛ուղղուին բազմաթիւ մեղադրանքներ եւ շփոթ յառաջացնող հարցումներ, որոնց կ՛ուզեմ անդրադառնանք, եթէ արտօնէք:   

Առաջին հարցադրումը այն է, որ եթէ ընդդիմադիր 16 կուսակցութիւնները վարչապետ Փաշինեանի նման համաձայն են 9 նոյեմբերի յայտարարութեան, ի՞նչ պիտի փոխուի, եթէ անոնք իշխանութեան հասնին:

Յ. Տ. Խ.- Շատ բան կը փոխուի իշխանափոխութեամբ` պատմութիւնը վկայ, երբ սխալ քաղաքականութիւն վարած ղեկավարներ գլխահակ կը հեռանան, որովհետեւ, իրենց ժամանակը սպառած ըլլալով, չեն կրնար թէ՛ պարտուիլ, եւ թէ՛ շարունակել ապագան կերտել: Այս է մեծագոյն սխալը Փաշինեանին եւ իր խումբին. ճիշդ է, այդ թուղթը ստորագրուած եւ անցած է պատմութեան, հակառակ անընդունելի իր այդքան ամբոխահաճոյ ճառերուն, որոնց ընթացքին ան մատը թափ տալով կը հաստատէ, որ ոչ մէկ փաստաթուղթ կը ստորագրէ, առանց զայն ժողովրդային հանրաքուէի դնելու: Ո՛չ միայն չդրուեցաւ հանրաքուէի, այլ նոյնիսկ չտարուեցաւ խորհրդարան, չքննարկուեցաւ Սահմանադրական դատարանին մէջ, նոյնիսկ Հայաստանի նախագահն ու նախարարները տեղեակ չեղան, այլ ինք անձնական պատասխանատուութիւն ստանձնեց այդ թուղթին տակ ստորագրելու, իսկ անձնական պատասխանատուութիւն ստանձնողը պէտք է անձնապէս ալ մեկնի, որպէսզի առիթ տայ նոր իշխանութեան այդ փաստաթուղթին մէջ եղող բազմազան անորոշութիւնները ճշդելու եւ այդ ընթացքին աւելի հայանպաստ դիրքորոշում ունենալու աշխատանքին ձեռնարկելու: Ինք չի կրնար ատիկա ընել, իսկ փաստն ալ վերջին օրերու սահմանագծումներու խնդիրն է, որ ցոյց տուաւ, թէ ամէն տեղ զիջումներու տակ ենք, որովհետեւ թշնամին գտած է պարտուած ղեկավարը, իսկ Ազրպէյճանի համար լաւագոյն այլընտրանքը Նիկոլ Փաշինեան պահելն է: Փաստաթուղթին մէջ կայ նաեւ հսկայական այլ բաց մը, որմէ միջազգային ուժերը, ներառեալ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները երբեք չեն հրաժարած. այդ ալ կարգավիճակի խնդիրն է: Ազրպէյճան ներկայիս սկսած է ըսել, որ իրեն համար Արցախի հարցը լուծուած է, չունի բանակցելու հարց, եւ մեզի համար անորոշ կը մնայ, որ եթէ հարցը այդքան լուծուած է, ուրեմն ինչու Արցախին ճանաչում չի շնորհուիր, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու: Կարեւորը այն է, որ եթէ Հայաստան շնորհէ Արցախի անկախութեան  ճանաչում, շատ մը երկիրներ պատրաստ են այդ ուղղութեամբ քայլերու դիմելու, բայց ինչպէ՞ս կարելի է յանդուգն քայլեր ակնկալել իշխանութենէ մը, որ ինք այդ պարտուողական յայտարարութիւնը ստորագրած է, իսկ հիմա հլու կամակատարի դերով այդ ամբողջ պայմանները հարիւր առ հարիւր տոկոսով, երբեմն ալ աւելի, իրագործելու ընթացքի մէջ է:

«Վ. Ձ.».- Երկրորդ թէզը, որ յառաջ կը քշուի, այն է, որ ժողովուրդէն եկածը ժողովուրդով կը մեկնի: Տակաւին վարչապետին շուրջ ժողովուրդ կը տեսնուի, եւ կայ ժողովուրդի զանգուած մը, որ չէ դիրքորոշուած կամ անտարբեր է, եւ կամ իր ձայնը տակաւին չէ բարձրացուցած:

Յ. Տ. Խ.- Հայաստանի կացութիւնը այնպիսին է, որ բռնատիրական բոլոր գործընթացները ստեղծեցին այնպիսի կացութիւն մը, երբ առանձին անհատ մը փորձեց վճռել ազգի մը ճակատագիրը: Ժողովուրդով կրնաս գալ, բայց ժողովուրդով մեկնիլը ինչպէ՞ս պիտի ճշդուի. խօսեցանք անտարբերներու կամ ցնցումի տակ գտնուողներու մասին, որոնք տակաւին վերջնականօրէն չեն կողմնորոշուած հաւանաբար, սակայն այսօր փողոցը կայ 20-30 հազար հաշուող ժողովուրդը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը բողոքէ տարբեր ձեւերով, նաեւ բազմահազարներու մասնակցութեամբ կայացան հաւաքներ, ուր շեշտուեցաւ, որ Հայաստան պէտք է շարունակէ առանց Նիկոլի: Այս բոլորը ի վերջոյ ժողովուրդին ձայնն են, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի կարենանք ճշդել, թէ ժողովուրդին կամքը ի՛նչ է. ժողովուրդը պէտք է մարսէ այս պարտութիւնը, անդրադառնայ հետեւանքներուն, տայ իր եզրակացութիւնը եւ տարի մը ետք այդ ժողովուրդը պէտք է վճռէ իր ճակատագիրը: Բայց եւ այնպէս ժողովուրդով եկողն ալ  խղճի հարց պէտք է ունենայ եւ որոշէ, թէ իր հեռացումը հրամայական է:

«Վ. Ձ.».- Երրորդ հարցադրումը, որ սովորաբար կը դրուի Դաշնակցութիւն թերագնահատողներուն կողմէ, այն է, որ 16 կուսակցութիւններու համախմբումը անուանական է, Դաշնակցութիւնն է, որ կը գլխաւորէ ու կ՛առաջնորդէ այս շարժումը: Հոս ալ հակասութիւն կայ:

Յ. Տ. Խ.-  Քաղաքական խաղերու եւ սադրանքներու մաս կը կազմեն այս բոլորը: Մենք երբեք չենք ժխտած, որ այդ ընդդիմութիւնը համախմբողը, համակարգողը, սիրտը Դաշնակցութիւնը հանդիսացած է, բայց եւ այնպէս երբեք պէտք չէ թերագնահատել մեր գործընկերները, ի վերջոյ անոնք ալ քաղաքական ուժեր են, որոնք ունին իրենց կարծիքն ու մօտեցումները: Իսկապէս մեծ իրագործում պէտք է նկատել, որ այս բոլոր ուժերը քով-քովի եկած ու համախմբուած են մէկ տեսլականի, նոյնիսկ մէկ թեկնածուի շուրջ` Վազգէն Մանուկեանին, որ դաշնակցական չէ, ինքզինք փաստած է իբրեւ նման ճգնաժամերէ դուրս բերելու ատակ անձ մը, որ կրնայ համախմբել այդ բոլոր ուժերը: Ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը իր կեդրոնական դիրքով, համադրողի իրավիճակով կը գործէ, սակայն դիտմամբ կը կատարուի այդ քաղաքական սադրանքը, որպէսզի կարելի եղածին չափ հարուածի թիրախ դառնայ Դաշնակցութիւնը, նաեւ փորձ կը կատարուի զայն բաժնելու իր գործընկերներէն: Մենք որոշած ենք բոլոր հիմնական որոշումները տալ համախոհութեամբ, եւ այդպէս ալ կը կատարուի:

«Վ. Ձ.».- Վերջին հարցադրումն ալ այն է, որ ընդդիմութիւնը ինչո՞ւ կեդրոնացած է Հայաստանի իշխանութիւններու հրաժարականի պահանջին վրայ եւ չի պահանջեր նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն հեռացումը:

Յ. Տ. Խ.-  Արցախի մէջ տարբեր գործընթաց կ՛ընթանայ. ճիշդ է, որ չկան քաղաքական լուրջ շարժումներ, որոնք կը պահանջեն Արցախի նախագահին անմիջական հրաժարականը: Ասիկա պայմանաւորուած է երկու հանգամանքով, առաջինը այն է, որ պահանջած էին, որ ինք ստանձնէ ամբողջական պատասխանատուութիւնը, երկրորդ` ընդունի այդ ընդվզումի ալիքը, որ կը բարձրանայ աշխարհով մէկ, իսկ երրորդ` նախագահը անդրադառնալով, թէ ինք կը կրէ պատասխանատուութիւն, ուրեմն ատիկա պէտք է ունենայ հետեւանք, եւ ինք քիչ մը հեռու կանգնի քաղաքական կեանքէն, հրաժարի իր ղեկավարած կուսակցութեան նախագահութենէն` յայտնելով, որ ինք այլեւս թեկնածու չէ: Ի պատիւ իրեն` մեր եւ ուրիշներու կողմէ Արայիկ Յարութիւնեանին փոխանցուած մտահոգութիւնները ան արտացոլացուց իր վերջին ուղերձին մէջ, ուր նաեւ նշուեցաւ, թէ տակաւին կան ծալքեր, զորս ինք չ՛ուզեր բանալ ներկայիս, սակայն ապագային պիտի խօսի այդ մասին. ատոնցմէ մէկը կը վերաբերէր բանակի վիճակին եւ պատերազմի ընթացքին, իսկ երկրորդ, որ արդեօք անհրաժե՞շտ էր մինչեւ նոյեմբեր սպասել, որ այսպիսի վախճան ունենայ, երբ պատերազմի առաջին շաբաթներէն կացութիւնը արդէն բաւական յստակ էր, եւ մենք կրնայինք աւելի մեծաթիւ զոհեր խնայել: Ան այս բոլորին մանրամասնութիւնները չտուաւ անշուշտ, սակայն հաստատեց, որ պատրաստ է դատուելու եւ բացայայտումներ կատարելու ճիշդ ժամուն: Շատ յստակ կերպով լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ Փաշինեանի եւ Յարութիւնեանի կեցուածքներուն միջեւ. ուրախ ենք, որ Արայիկ Յարութիւնեան արդէն անդրադարձաւ, որ իր` Երեւանին հլու կամակատարը ըլլալը առաւելութիւն չբերաւ Արցախին: Ասիկա առաջին հանգամանքն էր, որ ինք իր մեղքի բաժինը ստանձնած է եւ ապագային ազգային համաձայնական կառավարութիւն ստեղծելու մտադրութիւնը արդէն յայտարարած է:

Երկրորդ հանգամանքը, որ նոյնքան կարեւոր է, այն իրողութիւնն է, թէ այսօր կայ արտաքին ազդակի առկայութիւն Արցախի մէջ, եւ Արցախի նախագահի հրաժարականը սահմանադրութեամբ կ՛ենթադրէ Ազգային ժողովի լուծում, իսկ այսօրուան պայմաններուն մէջ, երբ խաղաղապահ ուժեր հաստատուած են, Ազրպէյճան իշխանութիւնները չի ճանչնար, չ՛ընդունիր նոյնիսկ ԼՂԻՄ-ի հայկական ըլլալը, նախագահի հրաժարականը կը ստեղծէ այնպիսի իրաւաքաղաքական քաոս, որմէ կրնանք դուրս չգալ այս փուլին: Յարութիւնեանի այն պատրաստակամութիւնը, թէ ինք պիտի հրաժարի այն պահուն, երբ համախոհական ուժերը յարմար նկատեն, յաւելեալ արժէք կու տայ իր յայտարարութեան եւ կը հաստատէ, որ Արցախի մէջ գործընթացները քիչ մը տարբեր ձեւով կ՛ընթանան, եւ այդ պատճառով ալ սուր պահանջ չկայ անոր հրաժարականին:

«Վ. Ձ.».- Մեր ժողովուրդին եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ կայ նաեւ այն հարցադրումը, թէ Արցախի անկախութեան ի՞նչ ճանաչման մասին կը խօսուի, տակաւին Արցախ կա՞յ, երբ սահմանները կոտորակուած են, բնակչութեան կէսը գաղթական է, խաղաղապահ ուժեր տեղակայուած են: 

Յ. Տ. Խ.- Արցախը կա՛յ, մենք կորուստներուն հետ չենք հաշտուած, եւ պիտի գայ օրը, երբ պիտի վերականգնենք անոնց գէթ մէկ կարեւոր տոկոսը` հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին հայ ժողովուրդին ցուցաբերած անկոտրում կամքին ու վճռականութեան շնորհիւ:

Ճիշդ է, որ եղածը համազգային աղէտ է, սակայն զայն պէտք չէ վերածել այնպիսի ողբերգութեան, որ ամէն ինչէ յուսալքուինք եւ հրաժարինք: Նման բան չի կրնար ըլլալ, ընդհակառակը, աշխատանքները պէտք է բազմապատկենք, յոյսը վերադարձնենք ժողովուրդին, մանաւանդ որ կը տեսնենք, թէ Արցախը լքած ժողովուրդին մէկ մասը արդէն կը վերադառնայ, ինչ որ խանդավառող երեւոյթ է, մեզի կը մնայ ազգովին աշխատիլ` վերադարձողները հողին կառչած պահելու ուղղութեամբ: Կայ նաեւ քաղաքական աշխատանքի հսկայական դաշտ, ուր ճանաչման գործընթացը իր տեղը ունի, որպէսզի մենք կարենանք տէ ֆաքթօ իշխանութեան նաեւ տալ տէ ժիւրէ իրաւական հասկացողութիւն, որպէսզի Արցախի իշխանութիւնները իրենց գերիշխանութիւնը քիչ մը բարձրացնեն:  Ասոր համար ալ հիմք կայ, տեսանք Ֆրանսայի մէջ այս առնչութեամբ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն ու բանաձեւերու որդեգրումները, սակայն կառավարութեան մօտ կանգ առաւ այս գործընթացը, որովհետեւ անիկա իր կարգին պիտի սերտէ համաշխարհային դրուածքը, Հայաստանի կեցուածքը, որովհետեւ կառավարութիւնը արդարօրէն հարց կու տայ, որ պատերազմի ընթացքին հոյակապ առիթ կար Արցախի ճանաչման, ինչո՞ւ ատիկա տեղի չունեցաւ: Մենք եւս այդ հարցումը ուղղեցինք կառավարութեան, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնը կը պատճառաբանէր, որ ճանաչումի հարցը կը պահէ իբրեւ վերջին խաղաքարտ, երբ բանակցութիւնները դադրին եւ ճգնաժամ ստեղծուի. ասկէ աւելի ի՛նչ մեծ ճգնաժամ կրնար ըլլալ, որ մենք այդ խաղաքարտը օգտագործէինք: Մենք լաւապէս հասկցած էինք, որ մինչեւ 2020 թուականը Հայաստանը ինչո՛ւ չէր ճանչցած Արցախը` բանակցային գործընթացով պայմանաւորուած, սակայն երբ պատերազմի մէջ ես, բանակցութիւնները սառած են, Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ճակատ կազմած են, ամբողջ հայ ժողովուրդին վրայ յարձակում կը գործուի, հոյակապ առիթ էր, որ այդ ճանաչումը շնորհուէր, հիմա ալ պէտք է այդ ճանաչումը իրականանայ: Դժուարութիւնները բազում կրնան ըլլալ, բայց մեզի համար ճանաչման հարցը կը մնայ առկայ, իսկ Հայ դատի ցանցին համար ատիկա կը մնայ օրակարգի մնայուն կէտ` աշխարհով մէկ աշխատանք տանելու հրամայականով: Ասոր կողքին, սակայն, կան բազում այլ խնդիրներ, ներկայիս կայ անօթեւան մնացած գաղթականներու հարցը, այդ յայտարարութենէն բխող ժողովուրդներու փոխանակման խնդիրը, որ չէ լուծուած, եւ որուն լուծումը երկարատեւ բանակցութիւններու նիւթ կրնայ ըլլալ, բայց եթէ կրկին պարտադրուի այնպիսի հանգամանք, որ Հայաստանի կողմը ոչինչ ունենայ ըսելիք, Արցախը ըսելիք չունենայ, յանկարծ տեղաշարժ ըլլայ եւ այս անգամ ազրպէյճանցի ժողովուրդ բերուի եւ բռնի բնակեցուի հայկական հողերուն վրայ: Ասիկա պիտի ստեղծէ նոր ոլորապտոյտ մղձաւանջ եւ պայթունավտանգ նոր իրավիճակ: Տակաւին կայ Արցախի ամբողջ ենթակառոյցի վերականգնման խնդիրը, միջազգային օժանդակութեան ապահովման պարագան, զոր պէտք է հունաւորուի, թէեւ Ռուսիան որոշ խոստումներ տուած է վերականգնումին մասնակցելու, բայց ատով պէտք չէ բաւարարուիլ, պէտք է ներգրաւուին այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք իբրեւ նուիրատուներ պիտի գան օժանդակելու Արցախի վերականգնման: Այս բոլորին համար կարիք կայ ամուր կառավարութեան, որ ճիշդ քաղաքականութիւն վարէ եւ ճշգրիտ ուղղութեամբ տանի այդ նուիրատուութիւնները:

«Վ. Ձ.».-  Քաղաքական այս ընդհանուր զարգացումներուն եւ բանակցութիւններուն մէջ կան նաեւ այլ խաղաքարտեր, զորս Հայաստանի իշխանութիւնները չեն օգտագործեր մեզի համար անորոշ պատճառներով, ինչպէս` պատերազմական ոճիրներու հարց, գերիներու հարց, սահմանագծումի հարց եւ այլն: Ինչո՞ւ իշխանութեան մօտ այս բոլորին առնչութեամբ անորոշութեան, տատանումի վիճակ կայ:    

Յ. Տ. Խ.- Մեզի համար ալ անհասկնալի կը մնան այս մօտեցումները, բայց մէկ բան շատ հասկնալի է, որ այս իշխանութիւնը միշտ այս ձեւով աշխատած է, միշտ քաոսային վիճակ պարզած է, միշտ անհամադրուած աշխատանքի ձեռնարկած է` ամբոխավարութեամբ ղեկավարած կառավարութիւնը: Այսօր շատ աւելի բացայայտօրէն ի յայտ կու գայ ատիկա, որովհետեւ պատերազմական վիճակը քանդած է այն քողը, որ շատ մը ապիկարութիւններ ծածկած էր. հիմա յստակ կ՛երեւի այն ձախաւեր վիճակը, զոր մեզ առաջնորդած է աղէտէ աղէտ, այդ պատճառով ալ աւելի քան անհրաժեշտ է կասեցնել այս վիճակը, որպէսզի արիւնահոսութիւնը կասեցնելէ ետք կարելի ըլլայ փաթթել վէրքը եւ բուժել զայն: Ինչպէս յիշեցիք, տարբեր հարցերու գծով հետապնդում չի կատարուիր, ճիշդ է, որոշ փոքր ճիգեր եղած են, սակայն բաւարար չեն, մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, Հայ դատ եւ տարբեր երկիրներու բնակիչներ, որքան ալ լուսարձակի տակ առնենք ոճիրներ կամ այլ հարցեր, բայց եւ այնպէս օրինական իրաւունքը չունինք իբրեւ պետութիւն: Ուստի կարիք կայ Հայաստանի ամուր կեցուածքի, որպէսզի տարբեր հարցերու հետապնդում կատարուի:

«Վ. Ձ.».- Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Արցախի հարցի լուծումը, ի՞նչ ձեւաչափով:  

Յ. Տ. Խ.- Ներկայիս ամէնէն յարմար ձեւաչափը Մինսքի խմբակն է եւ ատոր համանախագահող երեք երկիրները, բայց պէտք է նաեւ իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ, որ այս պատերազմը կացութիւն փոխած է երկու իմաստով. նախ` Ռուսիան աշխարհին համար յստակ դարձուց, որ ինք երկու գործընկերներու կարիք չունի, որպէսզի պարտադրէ իր շահերէն բխած լուծում, իսկ երկրորդ` Թուրքիան փաստեց, որ ինք դերակատար է: Մինչ այդ յիշեցնենք, որ Թուրքիան Մինսքի խմբակի անդամ է, պարզապէս համանախագահող կողմ չէ, իսկ ներկայիս իր նպատակն է, որ ձեւաչափը փոխուի, եւ դժբախտաբար ներկայիս կան խօսակցութիւններ վեցեակ ստեղծելու մասին, իսկ իբրեւ խայծ Հայաստանին կը ներկայացուի, որ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները պիտի բացուին, թէեւ յստակ չէ ատիկա, եւ որ Հայաստան կրնայ անոր միանալ, եթէ կը փափաքի: Բոլոր պարագաներուն ալ քաղաքական տարբեր համախմբուածութիւն կրնայ յառաջանալ, եւ հոն մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիան. ասիկա կանխելու համար է, որ պէտք է շեշտը դնել Մինսքի խմբակին դերակատարութեան վրայ:

«Վ. Ձ.».- Իբրեւ Դաշնակցութիւն ինչպէ՞ս կը գնահատէք 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը:   

Յ. Տ. Խ.-  Մեզի համար այդ յայտարարութիւնը ամբողջովին անընդունելի է, անիկա ազգային աղէտ է, անոր տակ երբեք եւ որեւէ ձեւի հայկական ստորագրութիւն պէտք չէ ըլլար, բայց այսօր կայ այն, ինչ որ կայ: Դաշնակցութիւնը այն քաղաքական ուժը չէ, որ միայն ցնորքներու վրայ կ՛ուզէ կառուցել ժողովուրդին ապագան, ատոր համար ալ հիմա պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս յայտարարութիւնը բարելաւել, որուն համար ձեւերն ու միջոցները կան: Հոն կան տարբեր հարցեր, որոնք բանակցութիւններու ճամբով կարելի է ճշդել: Հսկայական եւ երկարատեւ աշխատանք կայ գերիներու, սահմանագծումի, կարգավիճակի եւ Արցախի մէջ իշխանութեան ճանաչման ու տնտեսական հզօրացման վերաբերող:

«Վ. Ձ.».- Ի՞նչ պատգամ ունիք մեր երիտասարդներուն, Հայ դատի մարմիններուն, ուղեկից միութիւններուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ իրենց աշխատանքը կազմակերպեցին, հունաւորեցին Արցախի ուղղութեամբ:

Յ. Տ. Խ.- Առաջին ուղերձս այն է, որ մեր աշխատանքէն որեւէ բան չէ փոխուած, մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու, այնպէս չէ, որ արդէն ամէն ինչի վերջ է, եւ մենք պէտք է փակենք Արցախի էջը մեր Հայ դատի օրակարգէն: Նման բան չկայ: Չստեղծուի այն թիւր ըմբռնումը, որ այս ապիկար իշխանութեան պատճառով մեր կրած պարտութենէն ետք պէտք է ուշադրութիւն դարձնել Հայ դատի այլ բնագաւառներուն միայն: Ընդհակառակն, ներկայիս Արցախի հարցը աւելի հրատապ է, քան երբեւէ:

Առաջին պատգամս այն է, որ մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, Հայ դատի մարմիններ ոչ մէկ իրաւունք ունինք վհատելու, յուսալքուելու եւ պէտք է այդ պարտութիւնն ու ցնցումը վերածենք յաղթանակի` մարտավարական կարգ մը փոփոխութիւններով, որովհետեւ ռազմավարութիւնը կը մնայ նոյնը: Երկրորդ պատգամս այն է, որ մեր երիտասարդութիւնը երբեք իր յոյսը պէտք չէ կորսնցնէ եւ պէտք է ամբողջովին հեռու մնայ ներքին շերտաւորումներէ, բաժանարար գիծերու ստեղծումէն, որուն մեղսակից են իշխանութիւնները: Տակաւին կան ապազգային մտածողներ, որ այսպէս լաւ եղաւ, ազատեցանք Արցախի խնդիրէն. նմաններուն համար առօրեայ ապրուստի խնդիրը, ըստ երեւոյթին, միակ մտահոգութիւնն է եւ իրենք լրիւ դատարկուած են ազգային գաղափարախօսութենէ: Ժամանակն է անդրադառնալու, որ վերջին 2,5 տարիներուն, հաւանաբար նախապէս ալ, տեղի ունեցող շարժումները, որոնք կ՛ուզէին հայկական էութիւնը դատարկել իր ազգային գաղափարախօսութենէն, այսպիսի աղէտի կ՛առաջնորդէին: Այս բոլորը պէտք է շատ արագօրէն սրբագրուին, որպէսզի համակարգային աղէտի դէմ յանդիման չգտնուինք: Երիտասարդութեան ուղղուած կոչս է` երբեք չվտահիլ, չյուսահատիլ, ընդհակառակը, շարունակել դաստիարակուիլ այն սկզբունքով, որ մենք կը ծառայենք հայրենիքին, հայութեան նպատակներուն եւ Հայ դատին, նման մտածողները իրենց երիտասարդ ընկերներուն այդ ազգային ոգին պէտք է փոխանցեն, որպէսզի ատիկա դառնայ համահայկական ընկալում, ինչ որ էական է, որպէսզի մեր ժողովուրդին մէջ վերադառնան ազգային ակունքներն ու հպարտութիւնը:

«Վ. Ձ.».- Իւրաքանչիւր պարտութենէ կը ծնի նոր յաղթանակ, ի՞նչ պէտք է ընենք, որ հասնինք այդ յաղթանակին ու դարձեալ ոտքի կանգնինք: 

Յ. Տ. Խ.- Նախ պէտք է շատ արագ ձեւով վերականգնել Արցախը, որուն համար պէտք է լծուիլ աշխատանքի, որուն պատկերացումը ունինք արդէն, երկրորդ` պէտք է հզօրացնենք մեր բանակը, արդիականացնել զայն, անոր մէջէն պարտուողի հոգեբանութիւնը վերցնել: Երրորդ` մենք պէտք է ունենանք շատ աւելի հմուտ միջազգային դիւանագիտութիւն, որպէսզի կարենանք Հայաստանի դիրքորոշումները քիչ մը աւելի ակրեսիւ ձեւով ներկայացնել աշխարհին: Իբրեւ Դաշնակցութիւն մենք այս բոլոր գործընթացներուն մէջ Հայաստանին աջակցելու կողմնակից ենք, ինչպէս ըրած ենք անցեալին, պիտի ընենք նաեւ այսօր` միեւնոյն թափով: Այսպիսով նոր մարտահրաւէրներու դաշտ կը բացուի մեր դիմաց, եւ մենք չենք կրնանք անտեսել, այլ յուսադրուած ձեւով եւ աննկուն կամքով պէտք է շարունակենք աշխատանքը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.