Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը պայքարին թրքական աշխարհի միութեան համար
- (0)

«ԹԵԽՀ-ի մէջ մենք երբեք չենք դադրիր Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան աջակցելէ եւ հայկական բռնագրաւումին դէմ համակարգուած քայլերու աջակցելէ», ըսած է Չիչեք՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա կը շարունակէ ջանք թափել ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու։
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին յայտնած է, որ հասարակաց արմատներ ունեցող երկիրները պէտք է իրարու հետ աւելի սերտ կապեր հաստատեն, իսկ թրքական հանրապետութիւններուն մեծագոյն նպատակը թրքական աշխարհի միութիւնն է։
Ալիեւ ըսած է. «Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն բացի թրքական աշխարհի միութեան համար պայքարող որեւէ այլ երկիր չկայ»՝ աւելցնելով.«Մենք մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն ենք»։