Ատրպէյճանը Որդեգրած Է Պետական Սահմանը Անընդմէջ Լարուած Պահելու Մարտավարութիւն
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ եւ շփման գիծին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ 6-7 Յունուար լուսցող գիշերը ատրպէյճանական զինուժը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 400 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ ականանետերէ (6 արկ) եւ ՌՊԳ-7 (11 նռնակ) տիպի նռնականետերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 6000 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի ա-ռաջապահ զօրամասերը պատասխան գործողութիւններով կասեցուցած են հակառակորդին ոտնձգութիւնները, յայտնած է պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ լարուածութիւնը յատկապէս առկայ է ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին վրայ:
«Բաւականին լարուած է, շատ են կրակել, 300ից աւելի հրադադարի խախտումներ են եղել գիշերը յատկապէս արցախեան հատուածում: Բարեբախտաբար, մեր կողմից զոհեր ու վիրաւորներ չկան, նրանց կողմից չեմ կարող ասել, ամէն դէպքում իրենք կորուստներ ունեն, որ թաքցնում են», դիտել տուած է Յովհաննիսեան:
Նախորդ գիշերները աւելի հանգիստ եղած են հայ-ատրպէյճանական սահմանային գիւղերը: Չինարիի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ հիմնական թիրախը զինուորական յենակէտերը եղած են:
Ատրպէյճան որդեգրած է պետական սահմանին անընդմէջ լարուածութիւն ստեղծելու մարտավարութիւն, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական Դաւիթ æամալեան՝ ընդգծելով, որ «հայկական զինուած ուժերի խնդիրն է զսպել հակառակորդի ագրեսիան»:
«Եթէ մեզ հետ փորձում են խօսում են ուժի լեզուով, մենք պէտք է հակընդդէմ ուժ բանեցնենք, որովհետեւ մենք զիջելու ոչինչ չունենք, ընկրկելու տեղ չունենք, հայոց երկու պետութիւնների պետական սահմանը Ադրբեջանի հետ գծուել է արեամբ», դիտել տուած է æամալեան:
Նախօրէին Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք առնուազն երեք ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած էր: «Նիուզ» լրատուական գործակալութիւնը իրեն մօտիկ աղբիւրներու վրայ հիմնուած՝ կը յայտնէ, որ պաշտպանութեան բանակը եւս տուած է երկու զոհ, երկուքն ալ պայմանագրային զինուորներ՝ Արցախէն: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ ատրպեճանական բանակի զոհերուն թիւը առնուազն եօթն է: