ՍԻՊԻԼ ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԳՉՈՒՀԻ


 

11 Մայիսին Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած է առաջին World Armenian Entertainment Awards մրցանակաբաշխութիւնը, որ միաւորած էր Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ գործունէութիւն ծաւալող այնպիսի երգիչ-երգչուհիներ եւ հանրային դէմքեր, ինչպիսիք են Սիրուշոն, Անտրէն, Նազենի Յովհաննիսեանը, Թաթա Սիմոնեանը, Սոֆի Մխէեանը, Ռազմիկ Ամեանը, Լուիզա Ներսիսեանը, Հայկ Մարութեանը, Էրիքը, Սիպիլ Փեքթորոսօղլուն, Միհրան Ծառուկեանը, Արման Յովհաննիսեանը, Աշոտ Ղազարեանը, Յարութ Փամպուքչեանը եւ ուրիշներ։

Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուն արժանացած է «Սփիւռքի տարուայ լաւագոյն երգչուհի» մրցանակին։

Կայքը կը նշէ, որ տարուայ Փետրուար ամսուան լոյս տեսած է պոլսահայ երգչուհիին նոր ալպոմը։ Թուրք եւ հայ հանդիսատեսի համակրանքին արժանացած երգչուհու նոր՝ «Սէր» կոչուող ալպոմին մէջ տեղ գտած են 12 երգեր՝ 11 հայերէն, 1 արամերէն։ Ալպոմին մէջ կան զուգերգներ հայաստանցի աստղերու հետ։ Ալպոմի «Այս գիշեր» երգի տեսահոլովակը Փետրուար 15-ին ցուցադրուեցաւ թրքական «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն։ Կայքը կ՚աւելցնէ նաեւ, որ 2010 թուականի Նոյեմբերին հրապարակուած էր անոր անունով «Սիպիլ» ալպոմը, որուն մէջ ներառուած էին «Տէր ողորմեայ», «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնիմ» երգերը։ Իսկ երգացանկի առաջին երգը «Նամակ»-ն է, որ ճանաչում բերաւ երգչուհիին։

World Armenian Entertainment Awards-ը նախաձեռնած եւ կազմակերպած էին Global Arts International-ը եւ US Armenia-ն։ Ձեռնարկին հասոյթի մէկ մասը պիտի փոխանցուի Քեսապի դէպքերէն տուժած հայրենակիցներուն։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.