Հայկական Սփիւռքի Նուիրած Գումարով Արցախեան Գիւղը Պիտի Մաքրուի Ականներէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քաշաթաղի շրջանի Կարեգահ գիւղը այս տարուան Մայիսին պիտի մաքրուի ականներէ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են «Landmine Free Artsakh» խումբէն՝ նշելով, որ այդ աշխատանքը պիտի կատարուի շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի նուիրատուներուն տրամադրած 35 հազար տոլար յատկացումին։
Ամերիկահայերու մեծ ներդրումները կարելիութիւն տուած են, որ Հոկտեմբեր 2013ին մաքրուի Քաշաթաղի շրջանի Նորաշէնիկ գիւղը՝ սկաւառակային ռումբերէն եւ այլ վտանգաւոր պայթուցիկ նիւթերէ:
Անկէ առաջ Վիրաբ Շաբոյեան կը վախնար թոյլատրել իր երեխաները այգիին մէջ խաղալ: «Ես աներկբայ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնեմ բոլոր այն մարդկանց, ովքեր ապահովում են իմ եւ այս շրջանի բոլոր երեխաների անվտանգութիւնը: Ես շատ շնորհակալ եմ, որ կան մարդիկ, ովքեր գումար են տալիս նմանատիպ բարեգործութեան համար», յայտնած է Վիրաբ Շաբոյեան:
Տասնմէկ հազար տոլար նուիրաուած էր աշխարհի հնագոյն եւ ականազերծման մեծ HALO Trust բարեսիրական ընկերութեան՝ գիւղին համար նախորդ Հոկտեմբերին ամբողջական մաքրում ապահովելու նպատակով:
Ընդհանուր առմամբ գիւղին մէջ յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած էին 12 սկաւառակային ռումբեր եւ 28 այլ հրանօթային արկեր՝ աւելի քան 370 արկ հողը անվտանգ դարձնելու համար: Այժմ Վիրաբի երեխաները կրնան անվտանգ խաղալ, գիւղացիները կրնան մշակել ամբողջ հողը եւ ամբողջ գիւղը այլեւս վտանգի մէջ չէ:
«Landmine Free Artsakh» խումբը կը կատարէ Արցախը ականներէ մաքրելու առաքելութիւն, ինչպէս նաեւ հանրութիւնը իրազեկ կը դարձնէ Արցախի խնդիրներուն մասին՝ ականներու վերաբերեալ: Ցաւօք, վերջերս ականներու պատճառով արձանագրուած են երկու դէպքեր, որոնց իբրեւ հետեւանք զոհուած են Ռոբերտ Աբրահամեանը եւ Նորիկ Աբալեանը: