ՍԱՐՖը 100 Հազար Տոլար Եւս Կը Փոխանցէ Սուրիահայութեան


 

Կլէնտէյլ, Քալիֆ. (Յունիս 12, 2014).- Մինչ Սուրիոյ պատերազմական վիճակը կը շարունակուի, նուիրատուներու փաղանգ մը օգնութեան կոչերուն  պատասխանած ըլլալով, Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը (ՍԱՐՖը) 100,000 տոլար եւս գոյացուց եւ վերջին փոխանցումով Սուրիահայութեան համար փոխանցուած ընդհանուր գումարը հասցուց մէկ միլիոն տոլարի:
 
«Շնորհիւ հոգատար, կարեկցող եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ տոգորուած մեր նուիրաբերող հանրութեան, մենք նուաճեցինք այս հանգրուանը», ըսաւ Զաւէն Խանճեանը, ՍԱՐՖի Գործադիր Մարմնի ատենապետը: Ան աւելցուց, «Կարելի չէ բոլոր նուիրատուներուն առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնել, սակայն այս առիթը կ’օգտագործենք ողջունելու 5-տոլարէն մինչեւ 25,000 տոլար նուիրած բոլոր ազգակիցները»:
 
Վերջին նուիրատուութիւններու ցանկին մաս կը կազմեն երկու 10,000 տոլար նուէրներ՝ մէկը Եւրոպայէն Հալէպի հանգուցեալ Տոքթ. Իսքէնտէր Քասիսի ընտանեկան պարագաներէն, իսկ միւսը՝ Անահայմ, Քալիֆորնիայ Տոթք. Նուպար Ուզունեանէն:
 
Քեսապի ամբողջական կորուստները տակաւին չի պարզուած, Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանի ռմբակածումներու շարունակութիւնը եւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքի հայութեան նոր տեղահանումը, հայութեան դէմ կատարուած այս բռնարարքներու շարունակութիւնը, կը յիշեցնեն հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի շարունակուող պայքարը:
 
Դժուար է ականատես ըլլալ Մայր Գաղութի քանդումին, հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: Որպէս սփիւռքեան գաղութ, որ շատ հեռու կը գտնուի տագնապահար Սուրիահայութեան ֆիզիքապէս օգնութիւն հասցնելէ, մեզի հոգեկան հրճուանք կը պատճառէ երբ լսենք քաջութիւնն ու լաւատեսութիւնը պատսպարաններէ ներս ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն: Մեր գաղութը պէտք է շարունակէ իր  բաժինը բերել տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնելու հոլովոյթին, մինչ այդ մեր հաւաքական նիւթա-բարոյական օժանդակութիւնը անպայման պիտի նպաստէ Սուրիահայութեան գոյատեւումի պայքարին:
 
Բոլոր նուիրատուներուն վարձքը կատար: Կը խնդրենք որ շարունակէք ձեր ստացած օրհնութիւնները բաժնել մեր Սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կրնաք ղրկել ՍԱՐՖի հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948; կամ կայքէջով www.SyrianArmenianReliefFund.org հասցէով:
 
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին հետեւեալ անդամներով.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.