Նոր Հալէպ Թաղամասի Կառուցման Շուրջ Հարցականներ. Գումարները Ծախսուած Են


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 27 Յունիսին կայացաւ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողով»ի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայութեան վերաբերող տարբեր հարցեր՝ աշխատանք, պարէնային օժանդակութիւն, կրթական կեանք եւ այլն։
Ժողովի աւարտին «Երկիրն Այսօր»ը նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հարցուցած է, թէ որքանո՞վ հաւաստի են այն լուրերը, թէ դժուարութիւններ ծագած են սուրիահայերու համար Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման հարցին առնչութեամբ:
«Նոր Հալէպ թաղամասը նախատեսուել, նախագծուել է հէնց սիրիահայերի կողմից, բայց այն գումարները, որ նրանք ունէին իրենց ձեռքին, այս պահին, այսպէս ասած, ծախսել են: Հիմա պէտք է նոր գումարներ վաստակեն, դրա համար որոշ ժամանակով դա սառեցուած է:
Երբ նոր գումարներ վաստակեն, խնայեն, եւ ցանկանան բնակարաններ կառուցել, թաղամասը կը կառուցուի. պետութիւնը բոլոր պայմանները ստեղծել է: Իսկ եթէ կը գտնուեն սփիւռքահայեր, որոնք կը ցանկանան ներդրումներ կատարել, իսկ այդ գումարները նաեւ բացուած հաշուեհամարին հաւաքւում են սիրիահայերի մօտ, ծրագիրը կը սկսուի: Ոչ մի բնակարան միանգամից եւ մէկ օրում չի կառուցւում», յայտնած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.