«Տաշիր» Հիմնադրամը 100,000 Տոլար Պիտի Յատկացնէ Ստեփանակերտի Մայր Եկեղեցւոյ Կառուցման
- (0)

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի 10 Մարտի նիստին որոշուած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ կառուցուող Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանի մայր եկեղեցիին յատկացնել 100 հազար տոլարի համարժէք դրամ: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի մամլոյ ծառայութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Կարապետեաններու ընտանիքը միշտ առաջնային խնդիր նկատած է հոգեւոր արժէքներու պահպանումն ու զարգացումը եւ տարիներ շարունակ մեծածաւալ ծրագիրներ իրականացուցած է թէ՛ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, թէ՛ Հայաստանի եւ Արցախի եկեղեցիներու կառուցման ու վերանորոգման: Այս աջակցութիւնն ալ կը միտի կարելիութեան սահմաններուն մէջ խթանել Արցախ աշխարհի Մայր տաճարի կառուցման: