Քէսպաի վրայ յարձակող զինեալ խմբաւորումներուն օժանդակած են թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները, կը հաստատէ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ տոքթ. Օմար Ասատ – video
Մարտ 21-ին, «Դամասկոսի լուրեր» հեռուստատեսութեան կայանի լրագրողին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ տոքթ. Օմար Ասատ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները ամբաստանեց Թուրքիա-Լաթաքիոյ մարզ սահմանին վրայ յարձակում կատարած զինեալ խմբաւորումներուն ուղղակիօրէն օժանդակելու յանցանքով: Ան խստօրէն դատապարտեց ընդդիմադիր զինեալներուն թրքական սահմանը օգտագործելու թոյլտուութիւն տալու թուրք գաղտնի սպասարկութիւններու քայլը։
Տոքթ. Օմար Ասատի հարցազրոյցը դիտել հոս՝
http://www.youtube.com/watch?v=GxwK8LWKmig
Նշենք, որ Մարտ 21-ին, սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներու յարձակման թիրախ դարձած է Լաթաքիոյ մարզի Թուրքիոյ սահմանակից Քէսապ հայկական քաղաքին մաս կազմող Սեւ աղբիւր գիւղը, որուն շրջակայ բարձունքները գրաւուած են զինեալներուն կողմէ: Սուրիական բանակը ներկայիս կը փորձէ ետ մղել յարձակողները: Բախումները կը շարունակուին: Սեւ աղբիւրի եւ վտանգի ենթակայ միւս տարածքներու բնակչութիւնը հեռացած է աւելի ապահով վայրեր:
Յարձակման տեսանիւթերը դիտել հոս՝
Video
https://www.youtube.com/watch?v=tnQWkmZ0muI
https://www.youtube.com/watch?v=ApPm6DptX4k