Քեսապ Վերադառնալու Յոյսեր. Քեսապի Քաղաքապետ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիական բանակը կը շարունակէ դէպի Քեսապ յառաջանալ՝ հսկողութիւն հաստատելով նոր տարածքներու վրայ. Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ին այս մասին տեղեկացուց Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանը՝ աւելցնելով, որ քեսապահայերը այսօր աւելի մեծ յոյսեր ունին իրենց բնակավայրը վերադառնալու: Քաղաքապետը նաեւ նշեց, որ Լաթաքիոյ եկեղեցիին մէջ ապաստան գտած մօտաւորապէս 700 հայ ընտանիքներէն շատերը այժմ վարձու տուներու մէջ հաստատուած են Լաթաքիոյ մէջ, կամ՝ ազգականներու մօտ. եկեղեցւոյ մէջ կը մնան մօտաւորապէս 50 հայ ընտանիքներ, որոնք կը ստանան անհրաժեշտ օգնութիւններ:
Ըստ Չափարեանի՝ տակաւին Քեսապ կը մնան 17 հայեր, որոնցմէ ոմանք կը փափաքին դուրս գալ, իսկ ուրիշներ կ՛ուզեն մնալ: «Փառք Աստուծոյ, զոհեր, վիրաւորներ եւ ձերբակալուածներ չկան: Մնացող հայերը 80 տարիքը բոլորած մարդիկ են, իսկ զինեալները անոնց վնաս չեն հասցուցած», նշեց քաղաքապետը:
Միւս կողմէ, «Մայատին» կայանը կը հաղորդէ, թէ Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումներ սկսած են, երբ զինեալները փորձած են Խըրպեթ Սուլասի դիտարանը գրաւել: Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը ռմբակոծած է Պէյթ Ամլաք, Ղամամ եւ Սաուտա գիւղերը:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին»ին յայտնած է, որ բախումները տարածուած են մինչեւ Գալատուրան գիւղի մերձակայքը, եւ բանակը կը ջանայ Գալատուրան-Քեսապ ճամբան փակել՝ զինեալները հոն մեկուսացնելու համար:
Լրագրող Մաժտ Լէյլա «Մայատին»ին յայտնած է, որ սուրիական օդուժը Քեսապի մէջ կարգ մը փողոցներ ռմբակոծած է, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցած է Այն Նըսր բլուրի շրջակայքը:
Մինչ այդ, ամերիկեան «Էկզեքիւթիվ Ինթելիճընս Ռիվիու» շաբաթաթերթէն Պիլ Ճոն հաղորդած է, թէ սուրիական բանակին արձանագրած յաջողութիւններէն ետք, Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա սկսած են յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ կռուող զինեալներուն: