Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի բնակչութեան թիւերը 2050 թուականին
1498
0
ՄԱԿ-ի (United Nations) տուալներուն համաձայն` 2050-ին Վրաստանի բնակչութիւնը պիտի կրճատուի 28%-ով: Նոյն ժամանակահատուածին, Ատրպէյճանի բնակչութիւնը կ՚աճի 34%-ով, իսկ Հայաստանի բնակչութիւնը` 6%-ով:
CIA-ի տուեալներով, 2014-ի դրութեամբ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը կը կազմէ 9.6 միլիոն, Վրաստանինը՝ 4.6 միլիոն, իսկ հայաստանինը՝ 3 միլիոն։
Բնակչութեան թիւի CIA-ի տուեալներով եւ տոկոսային վերոնշեալ համեմատութիւններով, 2050 թուականին, երեք երկիրներու բնակչութեան թուաքանակին համար կը ստանանք ստորեւ ներկայացուած մօտաւոր արդիւնքը՝
Ատրպէյճան՝ 12 միլիոն 800 հազար
Վրաստան՝ 3 միլիոն 500 հազար
Հայաստան՝ 3 միլիոն 180 հազար