Վրաստանի Վարչապետը Կը Խոստանայ Նաեւ Ջաւախքը Զարգացնել
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուաշինկթըն կատարած իր առաջին պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Կարիպաշվիլի յայտարարած է, թէ Թիֆլիսի նոր իշխանութիւնները որոշած են հաւասարապէս զարգացնել երկրին բոլոր շրջանները, ներառեալ՝ Ջաւախքը:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ատլանտեան խորհուրդի կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ պատասխանելով Ամերիկայի Հայ Դատի վարժողական ծրագիրի մասնակիցներէն Լիլիթ Գասպարեանի մէկ հարցումին:
Վարչապետը աւելցուցած է, թէ իր կառավարութիւնը ոչ մէկ խտրականութիւն պիտի դնէ երկրի տարբեր շրջաններուն միջեւ:
Մամլոյ ասուլիսին այդ բաժինը դիտելու համար, այցելել http://youtu.be/fCVwpdiLJ3Q կայքէջը:
«Կ՛ողջունենք վարչապետ Իրաքլի Կարիպաշվիլիի այս հաստատումը՝ յուսալով, որ այս խոստումը նաեւ գործի կը թարգմանուի», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Վարչապետ Կարիպաշվիլի իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: