Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի շրջապատը ռմբակոծուեցաւ


 

Այսօր, շաբաթ 8 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամերուն Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանի բնակիչները քանի մը հրթիռներու պայթումներու պատճառով ահ ու սարսափի մատնուեցան:

 Առաջին հրթիռը ՄԱՐԱԲՕ շէնքի դիմաց ինկաւ: Երկրորդ եւ երրորդ հրթիռները Նոր Գիւղի մայր փողոցը:
Չորրորդ հրթիռը՝ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի դիմացի մայթը:

Չորս հրթիռները, որ մէկ ժամուան տեւողութեան ընթացքին ինկան, տեղական պատրաստութիւնն են՝ կազի շիշով, որ անուանուած է «Մատֆահ ժահաննամ» (դժոխայաին հրետանի):

Յայտնենք, որ Նոր Գիւղի մայր փողոցի վրայ ինկած հրթիռի պայթումէն, բանակային զինուորներ վիրաւորուեցան:

Իսկ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի դիմաց ինկած հրթիռի պայթումը ֆիզիքական վնասներ չարձանագրեց, միայն քանդում եւ աւեր: Արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:

Ծանօթ: Տեսանիւթին մէջ ընդիմադիր զինեալներու կողմէ կ՛երեւի հրթիռարձակումները:

https://www.youtube.com/watch?v=zJQDREjGnX4

Perio News


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.