ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ ՍԱԱՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ


 

Ատրպատական, Ազգային Առաջնորդարան – Չորեքշաբթի 5 Մարտ 2014-ի կէսօրին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան ընկերակցութեամբ Ազգային Իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան, պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Արեւմտեան շրջանի նահանգապետ Սաատի հետ, անոր գրասենեակին մէջ:
Նշենք, թէ Նահանգապետին նշանակումէն ետք Թեմակալ Առաջնորդին առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր այս, երբ նախագահական վերջին ընտրութենէն ետք երկրի ամբողջ տարածքին բարձրաստիճան պաշտօնակազմի փոփոխութիւն տեղի ունեցած էր:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ուրմիոյ ծխատէր՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեանը, Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ՝ Պրն. Ռուբիկ Ջանանեան եւ Պրն. Վարդան Աբրահամեան, Ուրմիոյ շրջանի Երեփոխանական Ժողովի եւ Ուրմիոյ Գործակալական Խորհուրդի անդամներ՝ ատենապետ՝ Պրն. Փայլակ Սահակեան, Տոքթ. Էլւիս Մայիլեան, Պրն. Րիքարտօ Եուհանայեանը եւ Անտրէ Մեջլումեան: Ներկայ էին նաեւ փոքրամասնութիւններ կրօնական հարցերու պատասխանատու Քարիմի, փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պետ՝ Սեփեհրի եւ տեղակալ Իսմայիլզադէ:

Ատրպատականի մէջ ապրող հայ համայնքին ու Թեմական բոլոր կառոյցներուն արդէն ծանօթ Նահանգապետ Սաատին ներկայացնելով տարածաշրջանի հայութեան ներկայ կեանքը, Թեմակալ Առաջնորդը թուեց աշխատանքային լայնածիր այն գործունէութիւնը, որ այնքան կազմակերպ ծաւալած է Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը: Ապա, անդրադառնալով Արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող ազգային կալուածներուն ու մշակութային ժառանգութեան, Առաջնորդը ցաւով նշեց հայաթափուած գիւղերուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներու անմխիթար ու անպաշտպան վիճակը: Միւս կողմէ ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մանաւանդ Արեւտմեան նահանգին մէջ գտնուող Ս. Թադէի վանքի եւ Ծոր-Ծորի վանքի նկատմամբ Իրանի պետութեան հոգածու վերաբերրումին համար:

Կացութեան մօտէն ծանօթ եւ Սալմաստի «Ղարաբաղ» նախկին հայկական գիւղին մէջ ծնած Նահանգապետը նշեց, թէ բոլոր անպաշտպան կառոյցներն ալ առանց կրօնական խտրութեան ենթակայ են նոյն ճակատագրին: Ան յայտնեց թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իր հնապահպանման բաժանմունքի միջոցով սատար կը հանդիսանայ մշակութային կառոյցներու պահպանումին: Ապա ան յիշելով բազմաթիւ հայկական գերեզմանատուները, որոնք կը գտնուին Արեւելեան թէ Արեւմտեան Նահանգներուն մէջ, իր յարգանքը արտայայտեց հայոց բոլոր ժամանակներու նահատակներուն:

Մտերմական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Ուրմիոյ հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր: Նահանգապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ քրիստոնեայ համայնքներու օրինակելի ներկայութեան, եւ մանաւանդ հայ համայնքի կազմակերպ կեանքին:

Նահանգապետին հետ հանդիպումից ետք Թեմակալ Առաջնորդը իր շքախումբով այցելեց անոր տեղակալ եւ քաղաքական ու ապահովական հարցերու խորհրդական Ռադֆարին, Նահանգապետարանի շէնքին մէջ:

Ռադֆար, որ Յեղափոխութեան 35 ամեակի առիթով Ուրմիոյ հայ համայնքի կազմակերպած յայտագրին ներկայ գտնուած էր իբրեւ նահանգապետի ներկայացուցիչ, բարձրօրէն գնահատեց հայութեան հաւատարմութիւնն ու Գործակալական Խորհուրդին աշխատանքը:

Թեմակալ Առաջնորդը եւ պատուիրակութեան անդամները իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին բարձրաստիճան պատասխանատուին, հայ համայնքին հանդէպ անոր հոգածու վերաբերումին համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.