Երեւան Կ՛ողջունէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունումը՝ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբին Կողմէ
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւան պաշտօնապէս ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նոր բանաձեւի ընդունումը։
\n «Մենք ողջունում ենք Միացեալ Նահանգների Սենատի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի կողմից Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող թիւ 410 բանաձեւի ընդունումը», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
\n «Բարձր ենք գնահատում Սենատի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի նախագահ Ռոբերտ Մենենդեսի եւ յանձնաժողովի՝ բանաձեւը սատարած անդամների սկզբունքային դիրքորոշումը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցի նախաշեմին սենատի յանձնաժողովի կողմից թիւ 410 բանաձեւի ընդունումը կարեւոր քայլ է պատմական ճշմարտութեան վերականգնման եւ մարդկութեան դէմ ոճիրների կանխարգելման ճանապարհին», հաստատած է Նալբանդեան:
\n