Հայ Դատը Քեսապի Հարցով Յստակ Պատասխաններ Կը Պահանջէ Օպամայէն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շարունակելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնել՝ Մարտ 21ին Քեսապի վրայ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ Թուրքիայէն կատարուած յարձակումին կապակցութեամբ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան նամակ մը եւս յղած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան, շեշտելու համար, թէ հայութիւնը կը պահանջէ յստակ տեղեկութիւններ՝ յարձակումին մէջ Թուրքիոյ իշխանութեանց դերակատարութեան մասին:

Խաչիկեան Մայիս 15 թուակիր նամակին մէջ գրած է, թէ ամերիկահայութիւնը խորապէս մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը կը շարունակէ մակերեսային եւ խուսափողական պատասխաններ տալ այս մասին ներկայացուցած հետեւեալ հարցումին. «Ամերիկեան կառավարութիւնը կը կարծէ՞, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը օժանդակած է Քեսապի վրայ Մարտ 21ին տեղի ունեցած յարձակումին, կամ քաջալերա՞ծ ու դիւրացուցա՞ծ է զայն, կամ՝ այլ դերակատարութիւն ունեցա՞ծ անոր մէջ»:

Խաչիկեան իր նամակը հասցէագրած էր արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտին: Ան նամակին մէջ նաեւ նշած է, թէ իբրեւ ՆԱԹՕի մէջ Թուրքիոյ դաշնակից երկիրի մը քաղաքացիներ՝ ամերիկահայերը իրաւունք ունին գիտնալու, թէ իրենց դաշնակիցը կը գործակցի՞ քաղաքացիներու վրայ յարձակած այնպիսի ծայրայեղականներու հետ, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ «ահաբեկի»չ որակուած են:

«Եթէ մեր կառավարութեան հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Թուրքիա դերակատար չէր այս յարձակումին մէջ, ապա վարչակազմին պարտականութիւնն է բացայայտել այդ գիւտը, որ խոտոր պիտի համեմատի աշխարհի լրատուամիջոցներու այն պնդումներուն հետ, թէ Անգարա դերակատար էր: Իսկ եթէ հետաքննութիւնը բացայայտած է հազարաւոր քաղաքացիներու տեղահանութեան պատճառ դարձած այս յարձակումին մէջ Թուրքիոյ գործակցութեան ծալքերը, ապա Ուաշինկթընի պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ «Քայիտա»ի դաշնակից խմբակի մը հետ գործակցելու անոնց որոշումին համար բացատրութիւն պահանջելով: Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, կոչ կ՛ընենք Սպիտակ տան, որ գործակցի քոնկրեսական հետախուզութեան», ըսուած է նամակին մէջ:

Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն եւս ճնշում կը բանեցնէ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն վրայ, որպէսզի Քեսապի վրայ յարձակումին մասին իրենց ունեցած տեղեկութիւնները բաժնեն քոնկրեսականներուն հետ:

Պատասխանելով Հայ Դատի յանձնախումբի նախկին նամակին՝ Նիւլընտ Մայիս 2 թուակիր նամակ մը յղած էր, որուն մէջ անուղղակի ակնարկութիւն կար Թուրքիոյ դերակատարութեան կապակցութեամբ: Նիւլընտ այդ նամակին մէջ գրած էր. «Յիշեցուցած ենք Թուրքիոյ, թէ պատասխանատուութիւններ ունի սահմանային շրջաններուն մէջ ապրող քաղաքայիններու ապահովութեան առնչութեամբ եւ նշած ենք, որ Անգարա պէտք է քայլերու դիմէ, որպէսզի զինեալ խմբաւորումներ Թուրքիոյ տարածքէն յարձակումներ չգործեն քաղաքայիններու»: Սակայն, հակառակ այն իրողութեան, որ կան յստակ փաստեր, թէ Անգարա առնուազն դիւրացուցած էր Քեսապի վրայ յարձակումը, Նիւլընտ բաւարարուած էր կրկնելով Թուրքիոյ ուրացումը՝ առանց քննադատական խօսք արտասանելու: Ան աւելցուցած էր, թէ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, որ հայերը շարունակեն ապրիլ իրենց նախահայրերու բնակավայրին մէջ, միաժամանակ գիտակցելով, թէ Քեսապի կացութիւնը յատկապէս բարդ է:

Արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած նամակը կարելի է կարդալ՝ այցելելով www.anca.org/assets/pdf/0514_anca_kessab_letter.pdf 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.