Թուրքիա Պիտի Ականազերծէ Հայաստանի Եւ Իրանի Հետ Իր Սահմանները


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական թերթերը կը հաղորդեն, թէ Թուրքիա ականազերծումի աշխատանքներ պիտի իրականացնէ Իրանի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ հսկողութիւն իրականացնելու նպատակով՝ նոր սարքաւորումներ պիտի զետեղէ սահմանագիծի երկայնքին։
Այս ծրագիրը կ՛իրականանայ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ։ Կը նշուի, որ առաջին փուլին պիտի ականազերծուի մօտաւորապէս 11,665,000 քառակուսի մեթր տարածք։
Յիշեալ ծրագիրին ծախսը 52.5 միլիոն եուրօ է, որուն 75 տոկոսը պիտի տրամադրէ Եւրոմիութիւնը, իսկ 25 տոկոսը՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.