Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի Կանոնադրութեան Յանձնախումբը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը


ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Երկուշաբթի, Մայիս 5ին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Կանոնադրութեան յանձնախումբը պատմական քուէարկութեամբ մը նեցուկ կանգնեցաւ Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան՝ միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ նմանապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը եւ նեցուկ կանգնին անոր ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու ջանքերուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ թիւ AJR-32 բանաձեւը ներկայացուած է խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ եւ անոր ի նպաստ քուէարկած են Կանոնադրութեան յանձնախումբի 11 անդամներէն 9ն, մինչ անոր ընդդիմացած է մէկ խորհրդարանական, իսկ 11րդը ձեռնապահ մնացած է:
Այժմ բանաձեւը Մայիս 8ին պիտի քննարկուի եւ քուէարկութեան դրուի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:
«Երախտապարտ ենք խորհրդարանական Մայք Կաթոյին, որ այս բանաձեւը ներկայացուց եւ Արցախի անկախութեան հարցով որդեգրեց սկզբունքային կեցուածք մը, որ կը համապատասխանէ ինքնորոշման եւ ազատութեան իրաւունքներուն նեցուկ կանգնելու ամերիկեան սկզբունքներուն: Յոյս ունինք, որ Քալիֆորնիան իր ձայնը կը միացնէ արդէն իսկ Արցախի անկախութիւնը ճանչցած Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Մեսեչուսեց եւ Լուիզիանա նահանգներուն», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

Բանաձեւին համահեղինակն էր Խաչօ Աշաճեան, որ Կաթոյի կողքին բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ մը ունեցաւ, Կանոնադրական յանձնախումբին կողմէ քննարկուելու ընթացքին: Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ատրին Նազարեան, Սքաթ Ուիլք եւ Շերըլ Պրաուն։
Ամերիկահայութեան անունով, քննարկման ընթացքին ելոյթներ ունեցան Նորա Յովսէփեան, Ալինա Նալպանտեան (Արցախի գրաւեալ Շահումեան շրջանէն) եւ Ամերիկայի հայկական խորհուրդի անդամ Սեւակ Խաչատուրեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կարեւոր աշխատանք տարած էր ու մօտէն գործակցած Կաթոյի ու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Կանոնադրութեան յանձնախումբին հետ, բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով: Հայ Դատի ջանքերուն շնորհիւ, աւելի քան 2500 նամակներ յղուած էին Կանոնադրութեան յանձնախումբի անդամներուն՝ քաջալերելով անոնց, որ Արցախի անկախութեան ի նպաստ քուէարկեն: Կաթօ մեծապէս գնահատեց հայ համայնքին ներդրումը, բանաձեւի վաւերացման աշխատանքին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.