Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Հարաւային Տաքոթայի խորհրդարանին դէմ քուէարկել հակահայ բանաձեւին
1628
0
Ատրպէյճանական կողմը հակահայ քարոզչութեան նոր նախաձեռնութեամբ մը, Ամերիկայի Հարաւային Տաքոթա նահանգի խորհրդարանին ներկայացուցած է Խոջալուի «ցեղասպանութեայն» մասին բանաձեւ։ Խոջալուի մասին HCR 1020 բանաձևը ներկայացուած է Փետրուար 21-ին: ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն նախազգուշական միջոցառումներ ձեռնարկած է հակազդելու Ատրպէյճանին և խոչընդոտելու բանաձևի ընդունումը: Յանձնախումբը կոչով դիմած է Հարաւային Տաքոթայի քաղաքացիներուն, որպէսզի վերջիններս կապուին իրենց նահանգի խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն հետ` յորդորելով զանոնք դէմ քուէարկել բանաձևին: