Ազգային յուղարկաւորութիւն բազմավաստակ կրթական մշակ Եդուարդ Էլոյեանի


Փետրուար 17-ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, թեմիս բարեջան Առաջնորդ Խաժակ Արք. Յակոբեանի նախագահութեամբ եւ Հայց. Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, Սուրէն ԽանամիրեաՆ ազգային գոլէճի երկարամեայ տնօրէն Եդուարդ Էլոյեանի ազգային յուղարկաւորութիւնը: Արարողութեան ընթացքին իրենց խօսքերը փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկ. Յակոբ Ճանպազեան եւ հանգուցեալին դուստրը՝ Նուշիկ Էլոյեան: Սգակիրներուն իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Խաժակ Սրբազան Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ Եդուարդ Էլոյեան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հայ դպրութեան բագինին եւ կերտեց ազգային ոգիով տոգորուած նոր սերունդի փաղանգներ:

Եդուարդ Էլոյեան

Ծնած է Հալէպ, 1929-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան եւ «Պօղոս Կիւլպէնկեան» վարժարաններուն մէջ։ 1944-50 ուսումնական տարեշրջաններուն եղած է աշակերտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ ստացած՝ Վկայական միջնակարգ եւ Աստուածաբանական ուսմանց։ Նոյն այդ շրջանին, տարիով մը 1947-1948, յաճախած է նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, հետեւելով անգլերէն լեզուի։

1950-ի Հոկտեմբերին վերադարձած է ծննդավայր, Հալէպ։ 1950-52  ուսումնական տարեշրջաններուն պաշտօնավարած է «Զաւարեան» վարժարանին մէջ, ապա հրաւիրուած Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան՝ որպէս հայոց պատմութեան, գրաբար լեզուի, հայ մատենագրութեան եւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասատու, աւանդելով վերոյիշեալ դասանիւթերը՝ հաստատութեան բարձրագոյն երեք կարգերու աշակերտութեան։ 1955-ի Սեպտեմբերին ստանձնած է Ազգային Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ 

1963-ին ստանձնած է տնօրէնութիւնը Լիբանանի Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Գոլէճի: Ամբողջ 17 տարիներ ծառայած է այդ հաստատութեան տնօրէնի եւ ուսուցչի զոյգ պաշտօններով։ Աւանդած է Հայոց լեզու եւ գրականութիւն եւ երկար ժամանակ մը՝ նաեւ Հայոց պատմութիւն։

1981-ին փոխադրուած է Գանատա։ 1982-1992 պաշտօնավարած Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, որպէս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ:

Կրթական եւ ուսումնական իր ծառայութեանց զուգահեռ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հաւատաւոր անդամ Եդուարդ Էլոյեան եղած է ՀՅԴ Լիբանանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէներու անդամ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.