Խումբ մը ցեղասպանագէտներ Եւրոդատարանէն կը պահանջեն վերանայիլ իր վճիռը


 

 

Միջազգային հեղինակութիւն ունեցող խումբ մը  գիտնականներ բաց նամակ յղած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)` յայտնելով իրենց մտահոգութիւնը թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի հայցով վերջերս դատարանի կայացուցած վճռին կապակցութեամբ:

Փերինչեք՝ աննշան թրքական կուսակցութեան մը ղեկավարը, 2005ին մեկնած էր Զուիցերիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխ-տելու դիտաւորութեամբ եւ տեսնելու, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները պիտի եանդգնի՞ն պատժել զինք այդ մէկը ըրած ըլլալուն համար: Ան Հայոց Ցեղասպանութիւնը լկտիաբար անուանած էր «միջազգային սուտ»:

Ի պատասխան «Զուիցերիա-Հայաստան» ընկերակցութեան կողմէ քրէական գործ յարուցելու մասին բողոքին՝ Լոզանի ոստիկանութեան դատարանը 2007ի Մարտին Փերինչեքը դատապարտած եւ տուգանած էր ցեղային խտրականութեան համար: Զուիցերիոյ վերաքննիչ դատարանը հաստատած էր իր դատավճիռը, որոշելով, որ ան խախտած էր Քրէական օրէնսգիրքի 216րդ յօդուածը: Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանը) դեռ 2003 թուականին ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աւելի ուշ, Փերինչեք դիմած էր Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատական ատեանին՝ Դաշնային դատարանին, որ վերահաստատած էր անոր դատավճիռը:

10 Յունիս 2008ին Փերինչեք իր դատավճիռը բողոքարկած էր Սթրազպուրկի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին՝ պնդելով, որ իր բազմաթիւ իրաւունքները, որոնց շարքին խօսքի ազատութեան իրաւունքը, խախտուած են զուիցերիական դատարաններուն կողմէ: Ան 140 հազար եուրօ փոխհատուցում կը պահանջէր բարոյական եւ ֆինանսական վնասներու, ինչպէս նաեւ դատական ծախսերուն համար:

17 Դեկտեմբեր 2013ին Եւրոդատարանը չէ բաւարարած Փերինչքի գրեթէ բոլոր պահանջքները (Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 6րդ, 7րդ, 14րդ, 17րդ եւ 18րդ յօդուածները) եւ մերժած փոխհատուցման անոր դիմումը: Սակայն, եօթը դատաւորներէն հինգը որոշած են, որ Զուիցերիան խախտած է Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը (Յօդուած 10):

Ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեամբ զբաղող պատմագէտները իրենց բաց նամակին մէջ նշած են Երւոդատարանի վերոնշեալ որոշման մէջ տեղ գտած պատմական անճշդութիւններն ու բովանդակային սխալները: Նամակի հեղինակները ընդգծած են, որ իրենք վիճարկման չեն ենթարկեր մարդու հիմնարար իրաւունքներէն մէկը հանդիսացող խօսքի ազատութիւնը, այլ կը յայտնեն մտահոգութիւն` կապուած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման հետ: Ի պատասխան դատավճռի այն կէտին, ուր կասկածի տակ կ՚առնուին 1915-ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» եզրաբառով բնորոշելու ճշմարտացիութիւնը, ՄԻԵԴ-ին հղուած բաց նամակին մէջ կը թուարկուին շարք մը անաչառ փաստեր ցեղասպանագէտներու տուած գնահատականներու վերաբերեալ:

 

«Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը» (International Association of Genocide Scholars  – IAGS) 1997-ին միաձայն քուէարկութեամբ որոշում  ընդունած է, ըստ որուն, 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անցումային արդարադատութեան միջազգային կեդրոնը 2003-ին ճանաչցած է 1915-ի դէպքերու համապատասխանութիւնը Ցեղասպանութեան հռչակագրի բոլոր դրոյթներուն: 2000 թուականին հրեայ  եւ օտար100 ցեղասպանագէտներ «New York Times»-ի հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութաեմբ, ուր 1915-ին կատարուածը որակած են որպէս ցեղասպանութիւն: 

Այս և նման այլ փաստերու յիշատակումով նամակի հեղինակները կը վերահաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական հաւաստիութիւնը և ՄԻԵԴ-ի ընդունած որոշումը կը նկատեն որպէս թրքական աւանդական ժխտողականութեան շարունակուելուն նպաստող քայլ:

 Բաց նամակի հեղինակները Եւրոդատարանէն կը պահանջեն վերանայիլ վճիռը:

Նամակի տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած են 35 գիտնականներ, որոնց շարքին՝

 

Թաներ Աքչամ – թուրք պատմաբան, Քալիֆորնիայի համալսարան

Թեսսա Հոֆման – իրաւապաշտպան, Պերլինի համալսարանի Արևելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի հետազօտող

Ռիչըրտ Յովհաննիսեան – ամերիկահայ պատմաբան, Քալիֆորնիայի համալսարանի փրոֆեսէօր։

Մարգարէտ Լավինիա Անտըրսըն – հասարակագէտ, «IAGS»-ի նախկին նախագահ

Ճոյս Ափսէլ – Իսրայէլի բաց համալսարանի քաղաքագիտութեան ամպիոնի վարիչ

Փիթըր Պալաքեան – Գրագէտ եւ ընկերային գիտութիւններու փրոֆեսէօր։

Աննետէ Պեքըր – պատմաբան, Փարիզի համալսարանի փրոֆեսէօր։

Տոնալտ Պլոքսհամ – պատմաբան,  Էտինպուրկի համալսարանի փրոֆեսէօր։

Ֆրանք Չոլք – պատմաբան, Մոնթրէալի ցեղասպանութեան և մարդու իրաւունքներու հիմնարկի փրոֆեսէօր։

Իսրայէլ Չարնի – հոգեբան, պատմաբան, «IAGS»-ի նախկին նախագահ, Երուսաղէմի Ողջակիզումի և ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն

Վոլֆկանկ Կուստ – Գերմանացի պատմաբան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.