Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը Քեսապահայութեան Պիտի Ուղարկէ 60 Հազար Տոլար Եւս
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիահայութեան տագնապը կը շարունակէ aգրաւել Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ուշադրութիւնը: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հիմնադրամը քեսապահայերուն պիտի ուղարկէ 60 հազար տոլար եւս՝ տեղահանուած քեսապահայերուն խնդիրները լուծելու համար:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան նշած է, որ հաւաքուած գումարը տեղացի եւ սփիւռքահայ բարերարներու օժանդակութեան արդիւնքն է: «Սիրիահայերի հարցն արդէն մի քանի տարի հիմնադրամի ուշադրութեան կենտրոնում է: Ստացուած գումարը մենք ուղարկում ենք Սիրիա՝ առանց որոշակի պահումների: Ցաւալին այն է, որ օժանդակութիւնը քիչ է, գումարները՝ նոյնպէս, եւ չենք կարողանում մեր հայրենակիցներին ապահովել առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով», ըսած է Արա Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ Սփ-իւռքի մէջ բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին լուսարձակի տակ կ՛առնուի սուրիահայերուն օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը: