Տերսիմն ու տերսիմի հայերը այսօր


Իսմայիլճան Հալաճուրդ 

 

Տերսիմի հայերու միութիւն ստեղծելու գաղափարը կը պատկանի Սալահետտին Կիւլթեքինի, որ իր անունը փոխած է Միհրան-Փրկիչի։ 

Պոլիսի մէջ միութեան ղեկավար Իսմայիլճան Հալաճուրդ «Սիվիլնեթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միութեան նպատակն է համախմբել Պոլիսի եւ Տերսիմի մէջ ապրող տերսիմցիները։ Միութիւնը նպատակ ունի 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան պատճառով սեփական արմատներէն, լեզուէն ու կրօնքէն հեռացած Տերսիմի հայութիւնը հարիւր տարուան ընդմիջումէ ետք դարձեալ վերադարձնել իր արմատներուն։ 

Բազմաթիւ տերսիմահայերու նման Իսմայիլճան Հալաճուրդ եւս Հայաստանի մէջ մկրտուած է եւ ընտրած Ստեփան անունը՝ որդեգրելով «Մուսա Լերան Քառասուն օրերը» վէպին հերոսներէն մէկուն անունը։ Վէպին մէջ, Ստեփան Մուսա Լերան դիմադրութիւնը ղեկավարող հրամանատարին որդին էր։ 

Տերսիմի տարածաշրջանը, որ այժմ կը կոչուի Թունջելի, կը գտնուի ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան բաժինին մէջ եւ կը համընկնի պատմական Հայաստանի Ծոփք կամ Չորրորդ Հայք վարչական շրջանին։ Ըստ հայկական աւանդութեան, Տերսիմ անունը յառաջացած է շրջանի հոգեւոր հովիւ Տեր Սիմոնի անունէն, որ շրջանի բնակչութեան համոզած է ընդունիլ ալեւիութիւնը, այդպիսով փրկելով ժողովուրդը օսմանցիներու բռնագաղթէն։ Հայկական ցեղասպանութենէն ետք՝ բազմաթիւ հայեր կը շարունակեն ապրիլ այդ երկրամասին մէջ։ 

 

1937-ի Տերսիմի ապստամբութենէն ետք, 1938-ին թրքական բանակին կողմէ գերեվարուած տերսիմցի հայեր եւ ալեւիներ

Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ դաւանական առումով Տերսիմի հայերուն մեծամասնութիւնը կը շարունակէ ապրիլ իբրեւ ալեւի, իսկ ինքնութեան, ազգութեան տեսանկիւնէն՝ իբրեւ քիւրտ կամ զազա։ Տերսիմի մէջ ապրող բոլոր քիւրտերն ալ գիտեն, թէ որ ընտանիքը հայ է։ Այդ մէկը երբեք չի մոռցուիր, որովհետեւ տարբեր ձեւերով կրցած են պահպանել իրենց ինքնութիւնը։ Տերսիմի հայերու ամէնէն ազդեցիկ սովորութիւնը այն էր, որ իրարու միջեւ կ՚ամուսնանային՝ այդպիսով կը կարողանային իրենք զիրենք պահպանել եւ մնալ մէկ ամբողջութիւն։

Քիւրտ ալեւի Սաւաշ Շահին իր կարգին կը յայտնէ, որ ինք ծնած է հին հայկական գիւղի մը մէջ եւ իր մեծ հայրը գիւղի պտղատու ծառերը ցոյց տալով իրենց կը յայտնէր, որ անոնք հայերը տնկած են եւ իրենք մինչեւ հիմա հայերու թութն ու թուզը կ՚ուտեն։ Տերսիմահայ Յակոբ Ալթընքայա կը յայտնէ, որ Տերսիմի մէջ բազմաթիւ հայեր կան եւ այդտեղ իր այցելութեան ընթացքին մարդիկ իրեն մօտենալով յայտնած են, որ իրենց նախնիները հայեր են։

Իսմայիլճան Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ ինք Տերսիմի մէջ ապրող հայերու թուաքանակին մասին շօշափելի թիւ մը չի կրնար հաստատել։ Կան հայկական գիւղեր, որոնք ունին շուրջ երեսուն տուն՝ երեք-չորս անդամով։ Տերսիմի մէջ այսօր կ՚ապրին, հայեր, որոնք իրենք զիրենք հայ կը զգան, սակայն լեզուէն եւ կրօնէն հեռանալնուն պատճառով քրիստոնէութեան հետ որեւէ կապ չունին։ Անոնք իսլամացած են, սակայն իսլամները զիրենք չեն ընդունիր։

Սաւաշ Շահին կը յայտնէ, որ հայերու մեծ մասը կը պահէ իր ինքնութիւնը։ 

 

Տերսիմի շրջկեդրոն Թունչելի 

Տերսիմի հայերու միութիւնը այժմ 80 անդամ ունի, սակայն միութեան ղեկավարները կը յայտնեն, որ եթէ Տերսիմի մէջ բնակող հայերուն մօտ աշխատանք տանին միութեան անդամներուն թիւը կրնայ 500-էն 1000-ի հասնիլ։

Իսմայիլճան Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ իրենց միութեան անդամ ըլլալու համար կրօնքը նախապայման չէ, այլ՝ հայ ըլլալը։ Քրիստոնէութիւնը պայման չէ, սակայն Պոլիսի մէջ ապրող տերսիմցիները աստիճանաբար սկսած են հակիլ դէպի քրիստոնէական եկեղեցի, երեխաներուն հայկական անուններ կու տան, կ՚ուզեն ապրիլ սեփական մշակոյթով ու լեզուով, սակայն Տերսիմի հայութեան միութեան բոլոր անդամները քրիստոնեայ չեն, եւ եթէ այդպիսի պայմաններ դրուին «Տերսիմի հայերը իրարմէ կը բաժնենք», կը շեշտէ Հալաճուրդ։

Խօսելով միութեան ծրագիրին մասին՝ Հալաճուրդ կը յայտնէ, որ իրենց հիմնական նպատակը Տերսիմի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալն է, աշխատանքներ կատարել Տերսիմի Ս.Կարապետ վանքի վերակաբգնման ուղղութեամբ։ Ան կ՚ըսէ, որ մինչեւ 1938 թուական գործող Ս. Կարապետ եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունի, թէ՛ Տերսիմի հայերուն եւ թէ՛ քիւրտ ալեւիներուն համար։ Անցեալին, Ս. Կարապետը հայերու, քիւրտերու եւ ալեւիներու ուխտատեղին եղած է: 

Միութիւնը նպատակ ունի նաեւ աշխատիլ Տերսիմի հայկական գիւղերու ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման ուղղութեամբ, իսկ Պոլսոյ մէջ կը փափաքին կամուրջ ըլլալ տերսիմցիներուն եւ պատրիարքարանին միջեւ, որովհետեւ եթէ տերսիմցի հայ մը մինակը պատրիարքարան երթայ եւ ուզէ մկրտուիլ պիտի չկարողանայ, որովհետեւ պէտք է ապացուցէ իր հայ ըլլալը։ 

Հալաճուրդ կը նշէ, որ Տերսիմցի հայերուն մօտ հետեւեալ ընկալումը կայ. «Հայ համայնքը մեզ չընդունիր, որովհետեւ մենք կտրուած ենք մեր մշակոյթէն, փոխած ենք մեր անունները»։ «Այս պարագային, երբ պատրիարքարան կ՚երթաս եւ առջեւդ չափորոշիչներ կը դնեն եւ կը պահանջեն ապացուցել հայ ըլլալդ, սովորաբար տերսիմցի հայը կը նահանջէ, ետ քայլ կ՚ընէ եւ յուսախաբ կ՚ըլլայ։ Ի հարկէ, պատրիարքարանն ալ այսպէս վարուելու իրաւացի պատճառներ ունի։ Այս պարագային Տերսիմի հայկական միութիւնը կը փորձէ պատրիարքարանի հետ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ ստեղծել», կը նշէ Հալաճուրդ ։

Պոլսոյ մէջ ապրող տերսիմցիները հիմնականին մէջ իրենց զաւակներուն կու տան հայկական անուններ եւ զանոնք կ՚ուղղարկեն հայկական դպրոցներ, եւ քայլեր կ՚առնեն հայերէն սորվելու համար։ 2013-ին տերսիմցիները Հայկական Ցեղասպանութեան 98-ամեակը առաջին անգամ ըլլալով ոգեկոչեցին Տերսիմի մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.