Հայ Կռփամարտիկը՝ Աշխարհի Ախոյեանութեան Մետալակիր
1601
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստանի կռփամարտիկ, 51 քկ. դասակարգի մարզիկ Անոյշ Գրիգորեան մէկ քառորդ եզրափակիչին յաղթած է բրիտանացի Քրիսթել Պարքըրին եւ անցած ախոյեանութեան կիսաեզրափակիչ հանգրուան: Այդ հանգրուանին հասնելով՝ Գրիգորեան արդէն ապահոված էր մրցաշարքի պրոնզէ մետալը եւ Օգոստոսին Չինաստանի Նանջին քաղաքին մէջ կայանալիք պատանեկան ողիմպիական խաղերու ուղեգիրը:
81 քկ. դասակարգէն Նարեկ Մանասեան կիսաեզրափակիչ հասնելու համար տակաւին պէտք է պայքարի լեհ Ռաֆայէլ Ստաչեւսքիի դէմ: