ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
- (0)

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ.Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց, որ «Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ եւ անոր վարչակարգը շարունակ Աշխարհին ցոյց տուած են իրենց, նենգ, ռազմատենչ եւ ոճրային բնոյթը։ Գանատայի եւ ամբողջ աշխարհի քաղաքական ղեկավարներուն կոչ կ՚ուղղենք դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային օրէնքի բացայայտ անտեսումն ու ռազմատենչութիւնը։ Միջազգային ընտանիքը այժմ պէտք է ցոյց տայ, թէ Ազրպէյճան չի կրնար ապօրինի եւ անմարդկային իր ընթացքը շարունակել։ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի նենգ, ռազմատենչ եւ մարդկային իրաւունքները ոտնահարող վարչակարգը աշխարհահռչակ է, եւ աշխարհը ներկայիս Ալիեւի յատկանշումներուն վրայ պիտի աւելցնէ «ոճրային»-ը»։
Հաղորդագրութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան շրջանին մէջ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ հայկական դիրքերու դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ՝ նշելով, որ անոնք զինադադարի դրութեան ազրպէյճանական կողմի խախտումներուն մէջ մագլցում մըն են եւ անտեսում մը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որ ստեղծուած է 1992-ին ԵԱՀԿ-ի կողմէ, որուն անդամ է Գանատան։
Ազրպէյճանի վերջին արարքներ յաւելեալ մէկ յստակ փաստ մըն է, թէ Ալիեւի վարչակարգը կը շարունակէ ցեղապաշտ ատելութիւն եւ բռնարարքներ հրահրել, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը վտանգել՝ Ալիեւի փտածութենէն, միջազգային օրէնքներու անտեսումէն եւ մարդկային իրաւունքները բռնաբարելէն ուշադրութիւն շեղելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի ԵԱՀԿ-ի կողմէ հաստատուած խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանը կարելի չէ վստահելի գործընկեր մը նկատել։
Գանատա պէտք է ոչ միայն դատապարտէ 2012-ին շնորհուած ներումը, այլ նաեւ Ազրպէյճանի կոչ ուղղէ՝ ետ կանգնելու արարքներէ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումը կը վտանգեն։
Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը բուռն կերպով կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան դէմ վերջերս կատարուած յարձակումները։ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ.Ժիրայր Պասմաճեան յայտնեց, որ «վերջին յարձակումները յաւելեալ ցուցանիշ մըն են, թէ Ազրպէյճանի հիմնական նպատակը պատերազմ մղել եւ հայերը տարածաշրջանէն ջնջելն է։(…) Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ուղղուած շարունակուող սպառնալիքները մեզ կը համոզեն, որ հայ ժողովուրդին կողմէ որեւէ զիջում պիտի վտանգէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ ապրող հայերու կեանքերը»։
Տոքթ.Պասմաճեան աւելցուց, որ «Գանատա պէտք է առաջին՝ դատապարտէ այս յարձակումները, երկրորդ՝ ճնշում բանեցնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին վրայ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչները ներառէ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն մէջ՝ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու համար»։