Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Հանդիպի Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ
- (0)
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի, 15 Յունուարին այցելեց Պելճիքայի մէջ Զուիցերիոյ մշտական եւ լիազօր դեսպան Պենետիքթ Տը Սերժային: Պատուիրակութեան անդամները դեսպանին դիմեցին, որ Զուիցերիոյ կառավարութեան բողոք փոխանցէ Եւրոպական Մարդկային իրաւանց դատարանի Դեկտեմբեր 17ի ՓերինչեքԶուիցերիա վճիռին դէմ, որ կը դատապարտէր Զուիցերիան՝ Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդած ըլլալուն համար եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ որպէս այդպէս ընդունուելուն:
Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը, դեսպան Տը Սերժային ներկայացուց ՓերինչեքԶուիցերիա դատավարութեան հիմնական կէտերը եւ վճիռին հիմնաւորումները, որոնց վրայ բողոքարկուած է Զուիցերիոյ դաշնային դատարանի Փերինչեքի գործով վճիռը:
Դեսպանը տեղեակ պահուեցաւ հարցին ընդհանուր հանգամանքներուն եւ հայութեան դիրքորոշումներուն ու Զուիցերիոյ կողմէ որոշումին դէմ բողոքարկման անհրաժեշտութեան: Նաեւ ներկայացուեցաւ Փերինչեքի նախամտածուած մարտահրաւէրը Զուիցերիոյ դէմ, Ցեղասպանութեանց մերժման քրէականացման օրէնքին նկատմամբ:
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին նման վճիռ մը, որ իրաւականօրէն առաջինն է, որ կը ստորադասէ Ցեղասպանութեան մերժումը խօսքի ազատութեան իրաւունքին, շատ անգամ հակասական եւ անհիմն բացատրութիւններով, ճամբայ կը բանայ Եւրոպայի մէջ հակահայ դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ կը հզօրացնէ թուրք ծայրայեղ շարժումները, խեղդելով արդարութեան կոչերը եւ հաշտութեան հիմնական սկզ-բունքը:
Հայ Դատի յանձնախումբը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Զուիցերիոյ դեսպանին ամէն կերպով աջակցութիւն ցուցաբերելու, որ բողոքարկումը ստանայ պաշտօնական ընթացք: Զուիցերիա, մեկնելով իր ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներէն պարտաւոր է, որ բողոքարկէ վերոնշեալ վճիռը, առիթ տալով, որ հայ ժողովուրդի դէմ առնուած այս ապակողմնորոշիչ վճիռը գտնէ իր ճիշդ ուղին:
