ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱԾ ԵՆ, ՈՐ ԿԸ ԿՌՈՒԻՆ ՀԱՅԵՐՈՒ, ՌՈՒՍԵՐՈՒ ԵՒ ԻՐԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ


 

«Աւրոփա.ինֆօ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու դէմ կռուող ազրպէյճանցի ահաբեկիչները հրապարակած են ազրպէյճանցի իսլամականներու ուղղուած կոչ մը, որուն մէջ խոստովանած են, որ իրենք այդտեղ իրականութեան մէջ կը կռուին իրանցիներու, հայերու եւ ռուսերու դէմ։

Ժիհատականներու պատկանող կայքերու վրայ հրապարակուած է Ֆուրքան Ազերի անունով ազրպէյճանցի ժիհատականի մը կողմէ տարածուած կոչ մը, որուն մէջ կ՚ըսուի, որ յայտարարութիւնը ուղղուած է «Ազրպէյճանի բռնաճնշումներու տակ գտնուող իսլամականներուն եւ իրանցի, հայ, ռուս ու բռնակալ Ասատի դէմ կռուող ազրպէյճանցի ժիհատականներուն սպառնացողներուն»։

Ազրպէյճանցի ահաբեկիչը կը խոստովանի, որ ազրպէյճանցիները նոյնպէս միացած են Ասատի դէմ կռուողներուն, ինչպէս նաեւ կը մեղադրեն Սուրիոյ մէջ բնակող հայերն ու Իրանը ահաբեկիչները սպաննելու համար։

Ըստ ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, 2014-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ 16 ազրպէյճանցի ահաբեկիչ սպաննուած է, իսկ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուած ազրպէյճանցի ինեալներու թիւը 100 է: Ըստ սուրիական եւ արաբական պաշտօնական լրատուամիջոցներու, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր արմատական իսլամական խմբաւորումներու կողքին կը կռուին 250-300 ազրպէյճանցիներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.