Շոյկու կը յայտարարէ, թէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը բարելաւէ Հարաւային Կովկասի կացութիւնը

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու նոյեմբեր 9-ին յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր կացութեան վրայ։

Շոյկու այս յայտարարութիւնը կատարեց Մոսկուայի մէջ գումարուած Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու 14-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին։

Ըստ ռուս պաշտօնատարին՝ տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը բարելաւման միտում կը ցուցաբերէ, իսկ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ խաղաղութեան փաստացի հաստատումը արդէն իսկ որոշ արդիւնքներ կու տան։

Շոյկու կարեւոր նկատեց տարածաշրջանային փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ ենթակառուցուածքային ծրագիրները պէտք է տնտեսապէս հիմնաւորուած եւ ֆինանսապէս կենսունակ ըլլան։

Ան նաեւ յայտարարեց, որ տարածաշրջանային հարցերը պէտք է լուծուին քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով՝ առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան։

Խորհրդաժողովին Հայաստանը կը ներկայացնէր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան։

Ռուս պաշտօնատարին յայտարարութիւնները կը հնչեն այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2025 թուականի Օգոստոսին նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը տակաւին վերջնականապէս չէ ստորագրուած։

Պաքու կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը, մինչ անլոյծ կը մնան Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ճակատագիրը եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներուն վերաբերող հարցերը։

Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կը շարունակեն զգուշացնել, որ խաղաղութեան հաստատման մասին յայտարարութիւնները չեն կրնար փոխարինել Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն գործնական երաշխիքները։

Այս իրողութիւններուն լոյսին տակ, Մոսկուայի դրական գնահատականը կը հակադրուի Հայաստանի մէջ շարունակուող մտահոգութիւններուն՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի պայմաններուն եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապագային առնչութեամբ։