Երեք նոր քաղաքական ուժեր կը միանան ընդդիմադիր համախմբումին. Իրազեկման գործողութիւնները կը սկսին Նոյեմբեր 8-ին
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած ընդդիմադիր համախմբումը կը շարունակէ ընդլայնիլ՝ երեք նոր քաղաքական ուժերու միացումով։ Միաժամանակ, մասնակից կուսակցութիւնները կը պատրաստուին նոյեմբեր 8-էն սկսեալ Երեւանի մէջ ձեռնարկելու հանրային իրազեկման համատեղ գործողութիւններու՝ ընդդէմ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջներուն։
«Ուժեղ Հայաստան»ի անդամ Լիլիա Շուշանեան յայտնած է, որ նախաձեռնութեան միացած են նախկին Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի գլխաւորած «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը, Արամ Սարգիսեանի ղեկավարած Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ Պարոյր Հայրիկեանի գլխաւորած «Ազգային ինքնորոշում միաւորում»ը։
Նոյեմբեր 7-ին ընդդիմադիր ուժերու եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ կայացած հանդիպումէն ետք, Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան հաստատած է նոր ուժերու ներգրաւման գործընթացը եւ յայտարարած, որ մասնակիցներուն միջեւ միասնական դիրքորոշում ձեւաւորուած է «ալիեւեան սահմանադրութեան» պարտադրանքին դէմ պայքարին շուրջ։
Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ նոյեմբեր 8-էն սկսեալ համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած կուսակցութիւններու ղեկավարներն ու գործուն անդամները Երեւանի տարբեր շրջաններուն մէջ իրազեկման գործողութիւններ պիտի իրականացնեն՝ անմիջական կապ հաստատելով քաղաքացիներուն հետ եւ ներկայացնելով սահմանադրական փոփոխութեան առնչուող վտանգները։
Ան շեշտած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չի կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ օտար պետութեան պահանջով, եւ ընդդիմադիր ուժերը վճռական են պաշտպանելու երկրի անկախութիւնն ու սահմանադրական կարգը։ Նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ հանրային տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ յառաջիկայ համատեղ քայլերը համակարգելու նպատակով։
Ընդդիմադիր համախմբումը ձեւաւորուած էր Նոյեմբեր 4-ին, երբ «Ուժեղ Հայաստան»ը, «Հայաստան» դաշինքը, Հայ ազգային քոնկրեսը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, «Ապրելու երկիր»ը, «Հայաքուէ»ն, «Ժառանգութիւն»ը եւ այլ քաղաքական ուժեր հանդէս եկած էին միասնական յայտարարութեամբ։
Քաղաքական տարակարծութիւնները մէկդի դնելով՝ մասնակից ուժերը իրենց համագործակցութեան հիմք հռչակած էին չորս առաջնահերթութիւններ՝ «ալիեւեան սահմանադրութեան» պարտադրանքի մերժումը, խաղաղութեան հաստատումը՝ առանց միակողմանի զիջումներու եւ տարածքային կորուստներու, ազգային ինքնութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերականգնումը։
Համախմբման յայտարարութիւնը հրապարակուած էր «Ուժեղ Հայաստան»ի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութեան օրը՝ անոր առանձնատան մէջ կայացած ընդդիմադիր ուժերու հանդիպումէն ետք։ Ձերբակալութեան նախորդած էին Կարապետեանի եւ անոր մերձաւորներուն առնչուող բազմաթիւ հասցէներու մէջ կատարուած խուզարկութիւնները։
Անդրադառնալով փողոցային պայքարի հեռանկարին՝ Նարեկ Կարապետեան չէ բացառած նաեւ զանգուածային բողոքի գործողութիւնները՝ անհրաժեշտութեան պարագային Սահմանադրութիւնը պաշտպանելու նպատակով։
Նոյեմբեր 8-ին մեկնարկելիք իրազեկման գործողութիւններով ընդդիմադիր համախմբումը միասնական յայտարարութենէն կ՚անցնի գործնական պայքարի նոր հանգրուանի՝ նպատակ ունենալով ընդլայնել հանրային մասնակցութիւնը եւ հասարակութեան տարբեր շերտերը համախմբել Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու պետական շահերու պաշտպանութեան շուրջ։