Հայաստան պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագիրէն ետք ետ քաշելու Ատրպէյճանի դէմ միջազգային հայցերը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Լիլիթ Մակունց նոյեմբեր 3-ին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի վերջնական ստորագրման պարագային Հայաստան կրնայ ետ քաշել միջազգային դատական ատեաններուն առջեւ ներկայացուած իր միջպետական հայցերը։

Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու միացեալ նիստին ընթացքին Մակունց շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք պիտի չհրաժարի միջազգային որեւէ ատեանի առջեւ իր շահերը պաշտպանելէ։ Սակայն, անոր համաձայն, երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դատական վէճերու փոխադարձ դադրեցումը կրնայ մաս կազմել խաղաղութեան գործընթացին՝ վերջնական համաձայնագիրի ստորագրման պարագային։

Նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրի 15-րդ յօդուածը կը նախատեսէ, որ համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելէն մէկ ամսուան ընթացքին կողմերը պէտք է ետ քաշեն կամ այլ ձեւով լուծեն նախապէս ծագած հարցերուն առնչուող բոլոր միջպետական դատական հայցերն ու վարոյթները։ Յօդուածը նաեւ կը սահմանափակէ ապագային նման հայցեր ներկայացնելու եւ երրորդ կողմերու նախաձեռնած վարոյթներուն մասնակցելու կարելիութիւնը։

Այս դրոյթը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի՝ նկատի ունենալով Արցախի դէմ պատերազմներուն, հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու խախտումներուն եւ բռնի տեղահանութեան հետեւանքներուն առնչուող իրաւական գործընթացները։

Միջպետական հայցերէն հրաժարելու հեռանկարը կարեւոր հարցեր կը յառաջացնէ՝ մասնաւորաբար միջազգային պատասխանատուութեան հաստատման եւ հայ տուժողներու իրաւունքներու յետագայ պաշտպանութեան առումով։ Պայմանագիրին այդ դրոյթը, սակայն, ինքնաբերաբար չի նշանակեր անհատական բոլոր դիմումներու դադրեցում։