Գեղամ Մանուկեան. «Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ իշխանութիւնը կ՚ընդառաջէ Պաքուի պահանջներուն»
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 2-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ամփոփեց խորհրդարանական անցնող շաբաթը՝ անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցին եւ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն։
Անդրադառնալով Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իրարամերժ յայտարարութիւններուն՝ Մանուկեան զանոնք որակեց «իրարայաջորդ ստախօսութիւններու հաւաքածոյ»։ Ան յիշեցուց, որ իշխանութիւնները նախ կը փորձէին հերքել Պաքուի գործօնը, մինչդեռ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ի վերջոյ բացայայտեց, թէ նոր Սահմանադրութեան մշակումը Ատրպէյճանի պահանջն է։
Մանուկեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որ ժամանակին իշխանութիւններուն կողմէ կը ներկայացուէր իբրեւ պետականութեան հիմնասիւն, այսօր կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ պետականութեան սպառնացող փաստաթուղթ։
Խօսելով հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին՝ Մանուկեան յայտնեց, որ անձամբ ծանօթացած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պահուող փաստաթուղթի տարբեր խմբագրութիւններուն։ Ըստ անոր՝ բանակցութիւններու ընթացքին հայկական կողմի սկզբնական առաջարկներն ու պահանջները աստիճանաբար դուրս ձգուած են, իսկ ներկայ փաստաթուղթը հիմնականին մէջ կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն։
Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ համաձայնագիրը Պաքուի վրայ էական պարտաւորութիւններ չի դներ, մինչդեռ Հայաստանէն կը պահանջէ ծանր զիջումներ, ներառեալ միջազգային դատական ատեաններ ներկայացուած հայցերու յետս կոչումը։
Մանուկեան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ Փաշինեան տակաւին շաբաթներ առաջ խաղաղութեան հաստատումը կը կապէր 2031 թուականին, սակայն Աշխապատի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ կարճատեւ զրոյցէ մը ետք յանկարծ սկսաւ պնդել Սահմանադրութեան անյապաղ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադառնալով խորհրդարանին վրայ հանրային ճնշում բանեցնելու մասին Փաշինեանի ակնարկութիւններուն՝ դաշնակցական պատգամաւորը զանոնք որակեց պետական յեղաշրջման կոչ եւ օրէնսդրութեան կոպիտ խախտում։ Ան շեշտեց, որ ընդդիմութեան վրայ ճնշում բանեցնելով սահմանադրական փոփոխութիւններ պարտադրելը անընդունելի է։
Մանուկեան միաժամանակ բացառեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը որեւէ ճնշման կամ քաղաքական սակարկութեան հետեւանքով իշխանութեան տրամադրէ սահմանադրական փոփոխութիւններու համար անհրաժեշտ պակսող վեց ձայները։ «Համազգային ու պետական հարցերու շուրջ որեւէ սակարկութիւն չի կրնար տեղի ունենալ», ընդգծեց ան։
Անդրադառնալով հասարակութեան մէջ խորացող պառակտումին՝ ան Փաշինեանը մեղադրեց ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի տարածման մէջ՝ նշելով, որ անոր հետեւանքները զգալի են նաեւ պետական կառոյցներուն եւ զինուած ուժերուն մէջ։
Ասուլիսի աւարտին Մանուկեան տեղեկացուց, որ նոյեմբեր 5-ին Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ քննարկում՝ զինուած ուժերուն մէջ ոչ մարտական պայմաններու հետեւանքով արձանագրուած մահուան դէպքերուն շուրջ։ Քննարկումին պիտի մասնակցին պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարները, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը եւ Քննչական կոմիտէի նախագահը։