Հրատարակուած է «Հայոց ցեղասպանութիւն. որոշումներու որդեգրման եւ իրականացման մեքանիզմները» գիրքը


 

 

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արսէն Աւագեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն. որոշումներու որդեգրման եւ իրականացման մեքանիզմները» գիրքը: Արխիւային նիւթերու եւ սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուած այս հետազոտութիւնը կը բացահայտէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպման գործին մէջ որոշումներու որդեգրման մեքանիզմներն ու անոնց իրագործումը:

Գիրքին մէջ խոր եւ բազմակողմանի վերլուծութեան կ’ենթարկուի Երիտասարդ թուրքերու` հայերու ոչնչացման մասին որոշումների որդեգրման գործին պատասխանատու՝ «Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ներքին կառուցուածքը, իթթիհատի Կեդրոնական մարմինին մէջ ուժերու տեղաբաշխումը, Յատուկ կազմակերպութեան ստեղծման գործընթացն ու կառուցուածքը, ինչպես նաեւ կը լուսաբանուիերիտթրքական կառավարութեան եւ խորհրդարանի պատասխանատուութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ բնակչութեան բնաջնջման գործին մէջ:

Գիրքին մէջ քննուած է նաեւ բանակի մասնակցութեան հարցը հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան մէջ: Առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած են թրքական արխիւային փաստաթուղթեր, որոնց շարքին նաեւ հայերու տեղահանութեան վերաբերեալ օսմանեան խորհրդարանի որոշումներն ու օրէնքը, ներքին գործոց նախարար Թալեաթի եւ այլ նախարարներու ստորագրութեամբ երիտթրքական կառավարութեան հրահանգները, ինչպես նաեւ մէջբերումներ հայերու տեղահանութեան ընթացքին իրագործուած զանգուածային կոտորածներու վերաբերեալ դատական լսումներու սղագրութիւններէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.