ԱՐԱԲԱԳԷՏԸ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԲՌՆԻ ԿԵՐՊՈՎ ԻՍԼԱՄԱՑՄԱՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԸ


Դիմատետրեան Inews լրատուական էջին վրայ վերջերս տեղեկատուութիւն յայտնուած էր այն մասին, որ Սուրիոյ մէջ իսլամական արմատական Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորման կողմէ սուրիահայ երկու ընտանիքներու պարտադրուած է իսլամանալ։ Տեղեկատուութեան կցուած է տեսանիւթ մը, ուր իբրեւ թէ հայու մը կը ստիպեն իսլամութիւնը ընդունիլ՝ սպառնալով այդ քայլէն հրաժարելու պարագային զինք սպանել։ Հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ մեծ արձագանգ գտած այս տեղեկատուութիւնը մեկնաբանելու համար Panorama.am դիմած է արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեանին։

Ըստ անոր, տարածուած տեղեկատուութեան մէջ իրականութեան կը համապատասխանէ այն, որ ՏԱՀԵՇ-ը Քայիտայի հարող խմբաւորում մըն է, որ իրապէս Սուրիոյ մէջ վատ համբաւ ձեռք բերած է բիրտ վարքագիծով ու դաժանութիւններով՝ պայքարելով սուրիական ընդդիմադիր, ներառեալ իսլամական արմատական ուժերու դէմ եւ գլխատելով նոյնիսկ իսլամական արմատական ծայրայեղական խմբաւորումներու անդամներ։ Վերոյիշեալ փաստերը հարուցած են սուրիացի ընդդիմադիրներու զգալի հատուածի (ներառեալ իսլամական արմատականներու) թշնամանքը ՏԱՀԵՇ-ի հանդէպ՝ զայն բնորոշելով իբրեւ անկանխատեսելի ու անվերահսկելի իսլամական կառոյց, որու դէմ պէտք է պայքարիլ։ Թերեւս նման փորձեր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ սուրիական հակամարտութեան այս թոհուբոհին մէջ տեղի ունեցած են, սակայն տեղեկատուութեան կցուած տեսանիւթին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մասին խօսք չկայ։

Մեկնաբանելով տեսանիւթը, արաբագէտը, նշած է, որ այնտեղ չկայ իսլամութիւնը ընդունելու պարտադրանք։ Իսլամական ծայրայեղ արմատականներու համար (ի հարկէ այստեղ խօսքը կը վերաբերի առաջին հերթին այն ծայրայեղականներուն, որոնց «անհաւատներու» նկատմամբ վարքագիծը բացատրելը դժուար է) աւելի դիւրին է սպանել ոչ իսլամը, քան անոր պարտադրել իսլամութիւնը ընդունիլ, իսկ տեսանիւթին մէջ նման բիրտ գործողութիւններ չեն նկատուիր։

Իսլամութիւնը ընդունող անձ մը պէտք է անպայման արտասանէ իսլամութեան առաջին եւ գլխաւոր հիմքը համարուող «շահատայ»-ն (վկայութիւնը. «Չկայ Աստուած Ալլահէն բացի, եւ Մուհամմատը Աստուծոյ առաքեալն է), սակայն տեսանիւթին մէջ վերոյիշեալ արտայայտութիւնը չի հնչեր։ Կամ տեսանիւթը ամբողջական չէ, կամ ալ անձը, որ կ’ենթադրուի, որ իսլամութիւնը կ’ընդունի, հաւանաբար արդէն ընդունած է իսլամութիւնը, եւ իսլամնները զինք կը շնորհաւորեն։

«Տեսանիւթին մէջ ոչինչ կայ հայու, կամ հայերու մասին։ Իսլամութիւնը ընդունող կամ արդէն ընդունած անձը չի ներկայանար իբրեւ հայ, ինչպէս նաեւ այստեղ հայ ընտանիքի կամ ընտանիքներու մասին խօսք չկայ։ Ոչինչ կ’ըսուի նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ վատ համբաւ ունեցող վերոյիշեալ ՏԱՀԵՇ-ի մասին, որուն կը վերագրուին վերջին օրերուն սուրիահայ ընտանիքներ բռնի հաւատափոխ ընելու լուրերը։ Եթէ վերոյիշեալ կառոյցը նման վարքագիծով եւ բռնի գործելաոճով աչքի կը զառնէ, ապա ոչ այս տեսանիւթին մէջ», աւելցուցած է Ս.Գրիգորեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.