Պուէնոս Այրեսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի


Պուէնոս Այրեսի իշխանութիւնները պաշտօնապէս տեղ յատկացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար:

Արարողութեան մասնակցած են քաղաքային խորհուրդի ղեկավար Օրասիօ Ռոտրիկես Լարեթթան, մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան գծով տեղակալ Քլաուտիօ Աւրուժ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան:

Ռոտրիկես Լարեթթա նշած է, որ թանգարանը մարդկութեան պիտի յիշեցնէ ոճրագործութեան անթոյլատրելիութեան մասին, ոճրագործութեան, որ տեղի ունեցած է 100 տարի առաջ: Ան նշած է նաեւ հայ ժողովուրդի հպարտութիւնը, որ «աւելի ուժեղ դարձաւ ցեղասպանութենէն ետք»: «Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ողջակիզումը կամ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը բացարձակ չարիք են: Այդ փաստերու իրողութեան ճանաչումը թոյլ կու տայ մեզի եւ ապագայ սերունդներուն աւելի լաւ հասարակութիւն ունենալ», ըսած է Աւրուժ:

Շինարարութեան համար միջոցները փոխանցուած են Հայոց ցեղասպանութեան հիմնադրամին, որ կը ղեկավարեն փրոֆ. Նելիտա Պուլղուրճեան եւ ճարտարապետ Խուան Քարլոս Թուֆեկսեան:

Ըստ Թուֆեկսեանի, առաջին յարկին վրայ պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ցուցադրութիւն, երկրորդ յարկին վրայ ցուցադրութիւն պիտի ներկայացնէ Արժանթինի հայերու մշակութային ժառանգութիւնը: Այնտեղ տեղի պիտի ունենան նաեւ ցուցահանդէսներ` ըստ յատուկ նիւթերու: Երրորդ յարկին վրայ գրադարան պիտի ըլլայ:

«Մոնտեվիտէոյի եւ Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարաններ ստեղծելու որոշումը կը վկայէ այն մասին, որ կարելի է եւ պէտք է յաղթահարել այն պետութիւններուն ճնշումը, որոնք կը շարունակեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, այսինքն` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի», ըսած է Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Ալֆոնսօ Թապաքեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.