Ատրպէյճանի մէջ հայ բանտարկեալները զրկուած են ընտանիքներուն հետ կանոնաւոր կապէ. Human Rights Watch

ԵՐԵՒԱՆ.– Human Rights Watch-ը կը հաղորդէ, որ Ռուբէն Վարդանեան եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող եւս 18 հայ բանտարկեալներ զրկուած են իրենց ընտանիքներուն հետ կանոնաւոր կապէ, բժշկական հետազօտութիւններէ եւ ատրպէյճանական օրէնսդրութեամբ նախատեսուած այլ իրաւունքներէ։

16 սեպտեմբերին ձայնագրուած եւ երկու օր ետք հրապարակուած ուղերձով Վարդանեան դիմած է Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Սապինա Ալիեւային՝ ներկայացնելով «Ումբակի» բանտին մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու պայմաններուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ։

Վարդանեանի ըսած է, որ որոշ բանտարկեալներ հեռաձայնային կապի հնարաւորութիւն չեն ստանար, իսկ տեսազանգ կատարելու կարելիութիւն չունի անոնցմէ ոչ ոք։ Ան նաեւ նշած է, որ բանտարկեալներուն շաբաթական միայն մէկ անգամ՝ 20-40 վայրկեանով, կը թոյլատրուի բացօթեայ զբօսանքի դուրս գալ, մինչդեռ օրէնքով նախատեսուած է օրական մէկ ժամ։

19 սեպտեմբերին Ալիեւայի գրասենեակը հերքած է բանտարկեալներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերող պնդումները։

Human Rights Watch կը նշէ նաեւ, որ հայ բանտարկեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը աւելի դժուարացած է 2025-ի սեպտեմբերին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակին փակումէն ետք։

ԿԽՄԿ-ի Ժընեւի ներկայացուցիչները վերջին անգամ անցեալ տարուան դեկտեմբերին այցելած էին բանտարկեալներուն, առանձնազրոյցներ ունեցած անոնց հետ, օգնած ընտանիքներուն հետ կապի հաստատման եւ գնահատած անոնց նկատմամբ վերաբերմունքն ու ընդհանուր պայմանները։ Կազմակերպութեան այցելութիւնները, սակայն, այժմ աւելի հազուադէպ դարձած են։

See less