Սաղաթելեան. Միակողմանի զիջումները նոր պահանջներու հող կը պատրաստեն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան 22 Սեպտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ամփոփեց խորհրդարանական շաբաթը եւ անդրադարձաւ Արցախի հայկական ժառանգութեան, ընդդիմադիր գործիչներու կալանաւորումներուն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ զարգացումներուն եւ Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու։
Անդրադառնալով Պաքուէն հնչող այն յայտարարութիւններուն, թէ հայկական կողմը Դադիվանքէն մշակութային արժէքներ «գողցած է», Սաղաթելեան ըսաւ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խեղաթիւրել պատմական իրականութիւնը եւ Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնել իբրեւ աղուանական կամ այլ ծագում ունեցող ժառանգութիւն։ Ան այս քաղաքականութիւնը կապեց Արցախի հայաթափումէն եւ հայկական հետքի վերացումէն բխող պատասխանատուութենէն խուսափելու Պաքուի փորձերուն հետ։ Սաղաթելեան նաեւ խստօրէն քննադատեց Հայաստանի իշխանութիւնները՝ նշելով, որ անոնց արտաքին քաղաքականութիւնը կը նպաստէ Ատրպէյճանի այս քարոզչութեան եւ կը թուլացնէ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան հարցով Հայաստանի դիրքերը։
Խօսելով ընդդիմադիր գործիչներու կալանաւորումներուն մասին՝ Սաղաթելեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած երեք հիմնական ընդդիմադիր ուժերու առաջին դէմքերը կամ վարչապետի թեկնածուները այժմ անազատութեան մէջ են։ Ան ընդգծեց, որ կալանաւորուած են ոչ միայն քաղաքական ուժերու ղեկավարներ, այլ նաեւ անոնց խումբերու շարք մը անդամներ։ Իբրեւ օրինակ ան յիշեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանը, որ կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ՝ դատարանի այն մեկնաբանութեամբ, թէ նախորդ գումարման խորհրդարանին կողմէ անոր անձեռնմխելիութեան վերացումը կը շարունակէ իրաւական ուժ ունենալ նաեւ նոր գումարման խորհրդարանին մէջ։ Սաղաթելեան այս ամբողջ պատկերը բնորոշեց իբրեւ ընդդիմութեան նկատմամբ քաղաքական ճնշում, ոչ թէ սովորական իրաւական գործընթաց։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու նախաձեռնութեան անդրադառնալով՝ Սաղաթելեան յայտարարեց, որ անիկա պէտք է դիտարկել Եկեղեցին վարկաբեկելու եւ անոր դէմ շարունակուող արշաւին շրջանակին մէջ։ Ան նախաձեռնութիւնը հակաօրինական նկատեց եւ յայտնեց, որ նման յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու ցանկութիւն չունի։
Սաղաթելեան նաեւ անդրադարձաւ Տիգրանաշենի եւ Տաւուշի սահմանային հատուածներուն վերաբերող մտահոգութիւններուն։ Ան ըսաւ, որ մինչեւ Տիգրանաշենի հարցին հասնիլը իշխանութիւնները կրնան նոր տարածքային զիջումներ կատարել Տաւուշի ուղղութեամբ՝ յիշեցնելով 2024-ի սահմանազատման գործընթացին եւ անոր դէմ ծաւալած բողոքի շարժումը։
Սաղաթելեան շեշտեց, որ միակողմանի զիջումները չեն կասեցներ Ատրպէյճանի պահանջները, այլ նոր պահանջներու համար ճանապարհ կը բանան եւ կը տկարացնեն Հայաստանի սահմաններու պաշտպանունակութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Ան նաեւ ըսաւ, որ Տիգրանաշենի յանձնումը պատերազմի վտանգը չի հեռացներ, այլ աւելի կը մօտեցնէ, եւ այս ընթացքին դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է ընդդիմադիր ուժերու համախմբումը։