Փաշինեան կը պահանջէ պետական համակարգն ու դպրոցները համապատասխանեցնել «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութեան

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ իր հռչակած «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի մէջ իշխող գաղափարախօսութիւնն է, եւ պետական ամբողջ համակարգը պէտք է դիրքաւորուի անոր համաձայն։

Երեւանի մէջ ընթացող «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայունութիւն» համաժողովին ընթացքին Փաշինեան աւելի հեռու գացած է՝ պնդելով, որ դպրոցներուն մէջ եւս պէտք չէ հնչեն իր առաջադրած գաղափարախօսութեան հակասող միտքեր, իսկ կառավարութիւնը պէտք է միջամտէ նման պարագաներու։

«Մեր դպրոցներուն մէջ պէտք չէ հնչեն բաներ, որոնք կը հակասեն «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութեան», ըսած է ան՝ նման տեսակէտները Հայաստանի Հանրապետութեան համար սպառնալիք բնորոշելով։

Վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձը օրինակ բերած է պատմութեան ուսուցիչի մը վերագրուած խօսքը, թէ աշակերտները մեծնալէ ետք պէտք է երթան «Մուշն ու Վանը ազատագրելու»։ Փաշինեան այս մօտեցումը ներկայացուցած է իբրեւ «հիմնարար խնդիր» եւ զայն կապած Արցախի հարցի շուրջ տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցած տարբեր ընկալումներուն եւ խօսոյթներուն հետ։

Այս յայտարարութիւններով Փաշինեան կառավարութեան քաղաքական տեսլականը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ պետական քաղաքականութեան ուղղութիւն, այլ նաեւ իբրեւ գաղափարական շրջանակ, որուն պէտք է ենթարկուին պետական հաստատութիւններն ու կրթական համակարգը։ Այս մօտեցումը լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ կրթական համակարգին մէջ իշխանութեան գաղափարական միջամտութեան, ինչպէս նաեւ պատմական եւ ազգային հարցերու ազատ ու բազմակողմանի քննարկման սահմաններուն վերաբերեալ։

Փաշինեանի անցեալ տարի հրապարակած 14 կէտերէ բաղկացած «Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւն»ը հայրենիքը կը սահմանէ բացառապէս իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ 29,743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով։

Անվտանգութեան հարցերուն անդրադառնալով՝ ան նաեւ պնդած է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուի «միջազգային օրինականութեան» վրայ եւ հարեւաններուն հետ այնպիսի յարաբերութիւններու, որոնց մէջ կողմերը շահագրգռուած կ՚ըլլան միմեանց կայունութեամբ ու տնտեսական բարեկեցութեամբ։

Փաշինեան միաժամանակ քննադատած է մինչեւ 2022 թուականը Հայաստանի անվտանգութեան նախկին համակարգը՝ զայն «պրիմիտիւ» բնորոշելով եւ պնդելով, որ ան չափազանց կախեալ էր ՀԱՊԿ-էն։ Ան յայտարարած է, որ 2022-ի օգոստոսին Հայաստանը փաստացի զէնք մատակարարող այլընտրանքային պետութիւններ չունէր, մինչ նախապէս վճարուած որոշ զինատեսակներ եւս չէին մատակարարուած։

Ան նաեւ անդրադարձած է ուժանիւթային եւ պարենային անվտանգութեան՝ յայտարարելով, որ նոր արհեստագիտութիւններու զարգացման շնորհիւ Հայաստանը կրնայ ուժանիւթի առումով ամբողջովին ինքնաբաւ դառնալ։