Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, չորս կարեւոր հրատարակութիւններ` Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար
- (0)

Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը, փաստագրումը, արժեւորումն ու հանրութեան ներկայացումը վերջին տարիներուն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկը դարձած է:
Արցախի շրջափակման, ապա` ամբողջական հայաթափման եւ բռնագրաւման պայմաններուն մէջ, երբ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուի ոչնչացման, աղաւաղման եւ պատմական ինքնութեան ջնջման լուրջ վտանգի տակ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկած է շարք մը հրատարակչական նախաձեռնութիւններու` նպատակ ունենալով փաստագրել Արցախի հայկական ժառանգութիւնը, զայն հասանելի դարձնել հայ եւ օտար ընթերցողներուն եւ, միաժամանակ, միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել ստեղծուած իրավիճակը:
Ստորեւ ներկայացուած գիրք-ալպոմներէ առաջ, վերը նշուած նոյն նպատակով, մարտ 2022-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքը Արցախում» խորագիրով գիտաժողով մը, որուն ընթացքին ներկայացուած գիտական զեկուցումները ամփոփուեցան եւ հրատարակուեցան նոյն խորագիրով:
«Արցախ. Անաւարտ պատերազմ»
Այս ուղղութեամբ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, Արցախի շրջափակման օրերուն իսկ հրատարակուեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու «Արցախ. Անաւարտ պատերազմ» գիրք-ալպոմը: Հրատարակութիւնը լուսանկարներուն միջոցով կը ներկայացնէ` Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքները, արցախահայութեան առօրեան, պատերազմի մարդկային ու հասարակական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ` շրջափակման ծանր ու ճակատագրական օրերը:
«Արցախ. Անաւարտ պատերազմ»-ը եռալեզու` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն, հրատարակութիւն մըն է: Անոր շնորհահանդէսներն ու ներկայացումները տեղի ունեցան տարբեր երկիրներու մէջ` նպատակ ունենալով, որ Արցախի մասին լուսանկարչական այս վաւերագրութիւնը հասնի աւելի լայն շրջանակներու եւ Արցախի իրականութեան մասին վկայութիւն մը դառնայ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի սահմաններէն անդին:
«Արցախ. Վտանգուած ժառանգութիւն – 1»
Արցախի շրջափակման շարունակուող պայմաններուն եւ կարգ մը շրջաններու կորուստին յաջորդած իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց նոր եւ հրատապ հրատարակութեան մը` Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան փաստագրումը եւ վաւերականութիւնը շարունակելու եւ արձանագրելու նպատակով:
Այս ծիրին մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնեց եւ հովանաւորեց «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ի համատնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի հեղինակած «Արցախ. Վտանգուած ժառանգութիւն – 1» պատկերագիրքին հրատարակութիւնը:
Եռալեզու այս հրատարակութիւնը կ՛ամփոփէ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցած պատմամշակութային բազմաթիւ յուշարձաններու, եկեղեցիներու, վանքերու, գերեզմանոցներու, խաչքարերու, բնակավայրերու եւ քաղաքակրթական այլ արժէք ներկայացնող վայրերու փաստագրութիւնը:
Գիրքը, որ միաժամանակ լուսանկարչական եւ փաստագրական աշխատանք մըն է, ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն` նկատի ունենալով, որ Արցախի հայկական ժառանգութեան զգալի մասը այսօր այլեւս հասանելի չէ հետազօտողներուն ու այցելուներուն, իսկ մնացեալը կը գտնուի ոչնչացման կամ ինքնութեան փոփոխման վտանգին տակ:
«Արցախ. Վտանգուած ժառանգութիւն – 2»
Արցախի ամբողջական կորուստէն ետք ստեղծուած նոր իրականութիւնը աւելի եւս ընդգծեց պատմամշակութային ժառանգութեան փաստագրութեան հրատապութիւնը:
Այս պայմաններուն մէջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ստիպուած եղաւ նոր քայլ մը առնելու եւ նախաձեռնելու Րաֆֆի Քորթոշեանի հեղինակած «Արցախ. Վտանգուած ժառանգութիւն – 2» պատկերագիրք-ալպոմի հրատարակութեան:
Նոր հրատարակութիւնը նախորդ աշխատանքին շարունակութիւնն է եւ կը միտի աւելի ամբողջական կերպով փաստագրել Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը` լուսանկարներու, պատմական տեղեկութիւններու եւ վաւերագրական նիւթերու միջոցով:
Այստեղ հարկ է նշել նաեւ, որ առաջին հատորին մէջ տեղ գտած որոշ յուշարձաններ արդէն իսկ դիտաւորեալ ոչնչացուած կամ աղաւաղուած են ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ: Հետեւաբար այս երկհատոր աշխատանքը յաւելեալ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի որպէս փաստագրութիւն:
Այս աշխատանքին իրականացումը կարելի եղաւ նաեւ Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ` Յարութ Պրոնոզեանի նիւթական օժանդակութեամբ:
Այս երկու պատկերագիրքերուն հրատարակութիւնը կը ստանայ յատուկ կարեւորութիւն նաեւ այն պատճառով, որ անոնք կը հանդիսանան ժամանակի վկայութիւններ: Անոնք ոչ միայն անցեալի յիշողութիւնը կը պահպանեն, այլ նաեւ նորահաս սերունդին եւ յատկապէս համաշխարհային կարծիքին համար կը ստեղծեն փաստագրական շտեմարան մը` Արցախի հայկականութեան եւ մշակութային հարուստ ներկայութեան մասին:
«Բարձրանանք Շուշի»
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` գիտակցելով, որ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն առկայ իրողութիւններու արձանագրումով, այլ պէտք է նաեւ շարունակական աշխատանք կատարել այս ուղղութեամբ, այժմ կը նախաձեռնէ եւս մէկ կարեւոր հրատարակութեան:
Այս անգամ խօսքը Վլադիմիր Գէորգեանի հեղինակային լուսանկարներով եւ պատմաբանի գիտական տեղեկութիւններով «Բարձրանանք Շուշի» պատկերագիրքին մասին է, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան մեկենասութեամբ:
Շուշին իր պատմական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նշանակութեամբ, Արցախի հայկական ինքնութեան առանցքային խորհրդանիշներէն մէկն է: Ուստի Շուշիի մասին պատկերագիրքի մը հրատարակութիւնը կը ստանայ ոչ միայն գեղագիտական եւ պատմական, այլեւ վաւերագրական ու ազգային յիշողութեան պահպանման նշանակութիւն:
Այս չորս հրատարակութիւնները` «Արցախ. Անաւարտ պատերազմ», «Արցախ. Վտանգուած ժառանգութիւն – 1», «Արցախ. Վտանգուած ժառանգութիւն – 2» եւ «Բարձրանանք Շուշի», առանձին-առանձին արժէքաւոր հրատարակութիւններ ըլլալէ անդին` կը կազմեն զիրար ամբողջացնող աշխատանքներու շարք մը:
Առաջինը լուսանկարչական վկայութեամբ կը ներկայացնէ պատերազմի եւ շրջափակման տարիներու արցախահայութեան կեանքը, յաջորդ երկուքը փաստագրութեան միջոցով կը լուսաբանեն Արցախի վտանգուած պատմամշակութային ժառանգութիւնը, իսկ «Բարձրանանք Շուշի»-ն իր հերթին կը վերահաստատէ Շուշիի տեղն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային յիշողութեան մէջ:
Նշենք, որ հրատարակուած 3 հատորները Հայ դատի գրասենեակները զանազան երկիրներու մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն նուիրեցին` բարձրաձայնելով վտանգին մասին:
Իսկ մայիս 2026-ին, Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հրատարակուած հատորները նուիրեց Լեւոն ԺԴ. պապին` յատուկ ուշադրութեամբ արծարծելով Արցախի մէջ մշակութային եւ եկեղեցական վտանգուած ժառանգութեան հարցը:



