Սեպտեմբեր 6-ին պատարագ պիտի մատուցուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
- (0)

ՎԱՆ.- Սեպտեմբեր 6-ին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի տարեկան պատարագը՝ 14-րդ անգամ ըլլալով։
Պատարագի կազմակերպչական եւ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Կիրակնօրեայ արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին հայ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով այցելուներ եւ զբօսաշրջիկներ։
Պատարագը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 11։00-ին եւ պիտի աւարտի ժամը 14։00-ին։
Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելու արտօնութիւնը 2010-էն ի վեր կը տրուի Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ։ 95 տարուան ընդմիջումէ ետք, 2010-ին եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ կրկին պատարագ մատուցուեցաւ, որմէ ի վեր արարողութիւնը կը կազմակերպուի ամէն տարի սեպտեմբերին։
Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն՝ Վասպուրականի Գագիկ Արծրունի թագաւորի հրամանով։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետը եղած է Մանուէլը՝ ժամանակաշրջանի նշանաւոր ճարտարապետ, նկարիչ եւ քանդակագործ։
1113-1895 թուականներուն Աղթամարի մէջ գործած է առանձին կաթողիկոսարան։ Անոր վերացումէն ետք կաթողիկոսարանին ենթակայ վանքերն ու եկեղեցիները անցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի իրաւասութեան տակ։ Աղթամար կղզին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին լքուած են 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։
Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005-ին սկսած էր եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները։ Մօտ երկու տարի տեւած վերանորոգութեան ծրագիրին համար ծախսուած էր շուրջ 4 միլիոն թրքական լիրա։ 2007-ին Սուրբ Խաչ եկեղեցին այցելուներուն առջեւ վերաբացուած էր իբրեւ թանգարան։