Դատարանը եւս երկու ամիս երկարաձգեց Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը

ԵՐԵՒԱՆ.- Դատարանը, շուրջ մէկ օր տեւած քննութենէ ետք, որոշեց եւս երկու ամիս երկարաձգել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանի կալանքը։

Ծառուկեանի պաշտպանական խումբը որոշումը անհիմն կը նկատէ եւ գործը կը գնահատէ իբրեւ քաղաքական հետապնդում։ Փաստաբաններուն համաձայն՝ դատարանին այն հիմնաւորումը, թէ Ծառուկեան ազատութեան մէջ գտնուելու պարագային կրնայ խոչընդոտել քննութեան, առարկայական հիմք չունի։ Պաշտպանները յայտարարած են, որ պիտի բողոքարկեն որոշումը Վերաքննիչ դատարանին մէջ։

«Այս գործին քաղաքական դրդապատճառը ապացուցուեցաւ», յայտարարած է ԲՀԿ անդամ Արման Աբովեան։

Դատական նիստը դռնփակ եղած է, եւ մեղադրող կողմին ներկայացուցած հիմնաւորումները հրապարակային չեն։

70-ամեայ Ծառուկեան կալանաւորուած էր յուլիս 6-ին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններէն շուրջ մէկ ամիս ետք։ Իրավապահ մարմինները զինք կը մեղադրեն առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութեան, դրամի լուացման եւ հարկերէ խուսափելու յանցանքներով։

Քննչական մարմնին համաձայն՝ Ծառուկեան կազմակերպած եւ ղեկավարած է խումբ մը, որ Իրան-Հայաստան առեւտրական եւ փոխադրական կապեր ստեղծելու պատրուակով իրանական ընկերութիւններէ խաբէութեամբ ձեռք բերած է փոխադրամիջոցներ, սարքեր եւ ապրանքներ՝ պատճառելով շուրջ 22 միլիոն տոլարի վնաս։

Գործը կապուած է նաեւ Իրանի հետ համատեղ ստեղծուելիք մեծածաւալ առեւտրական կեդրոնի ծրագիրին։ Ծառուկեանին պատկանող «Մուլտի գրուպ»-ը այդ ձեռնարկութեան 50 առ հարիւր բաժնետէրն էր։ Պաշտպանական կողմը կը պնդէ, որ, ընդհակառակն, իրանական կողմն է պարտք Ծառուկեանին, եւ թէ այդ մասին կան համապատասխան փաստաթուղթեր։

Ծառուկեան եւ իր ընտանիքի 11 անդամներ 2023-էն ի վեր ներգրաւուած են նաեւ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման առանձին դատական գործի մը մէջ։ Պետութիւնը կը պահանջէ տասնեակ անշարժ գոյքեր, փոխադրամիջոցներ, շուրջ 213 միլիոն տոլար, ինչպէս նաեւ բաժնեմասեր մօտ 40 ընկերութիւններու մէջ։

Ծառուկեանի կալանաւորումէն ետք իշխանութիւնները կապարակնքած էին անոր ընտանիքին պատկանող տասնեակ ընկերութիւններ։ Անոնց շարքին են պանդոկներ, ճաշարաններ, փոխադրական ընկերութիւններ, մարզական համալիրներ եւ այլ ձեռնարկութիւններ։

Ծառուկեանի մամլոյ բանբեր Իվեթա Տոնոյեանի համաձայն՝ այդ գործողութիւններուն հետեւանքով շուրջ ութ հազար մարդ տակաւին աշխատանքէ զրկուած է։ Ան ընդգծած է, որ շարք մը ձեռնարկութիւններ վերաբացուած են միայն պետութեան նշանակած կառավարիչներու ղեկավարութեամբ։

Ծառուկեանի առաջնորդած «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը մասնակցած էր յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սակայն քանի մը տասնեակ ձայնի տարբերութեամբ դուրս մնացած էր Ազգային ժողովէն։

Ծառուկեանի պաշտպանները անոր կալանաւորումը կը շարունակեն որակել քաղաքական հետապնդում եւ հարցը նաեւ ներկայացուցած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան։