Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը՝ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան անսասան միջնաբերդ

Քառասունեօթը տարիներու լոյսի, հաւատքի եւ հայապահպանումի ճանապարհ

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Սեպտեմբերեան այս օրերուն, երբ վարժարաններու դռները կը բացուին, եւ մանուկներու ու պատանիներու ձայները կրկին կը լեցնեն կրթօճախներու միջավայրը, Թորոնթոյի հայ համայնքին համար վերամուտը սովորական ուսումնական տարեշրջանի մը սկիզբը չէ միայն։ Անիկա նաեւ 47-ամեայ ճանապարհորդութեան մը շարունակութիւնն է. երթ մը, որուն իւրաքանչիւր հանգրուանը նշանաւորուած է հայ լեզուի, մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման ու փոխանցման նուիրական աշխատանքով։

1979-ին, ՀՅԴ Թորոնթոյի «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի եւ Հայ Կեդրոնի պատասխանատու մարմիններու նախաձեռնութեամբ հիմնուած Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ ստանձնեց շատ աւելի մեծ առաքելութիւն մը, քան սոսկ կրթութիւն մատուցելը։ Ան կոչուած էր հայ մանուկին ուսում տալու, բայց միաժամանակ անոր հոգիին մէջ արթուն պահելու հայ ըլլալու գիտակցութիւնը։

Քառասունեօթը տարիներ անց այդ տեսլականը այլեւս միայն գաղափար մը չէ, այլ շօշափելի լիիրաւ իրականութիւն։

Վարժարանի բազմահարիւր շրջանաւարտներու կեանքի ընթացքը կը վկայէ, որ այս կրթօճախը իր առաքելութիւնը պատուով կատարած է։ Անոնք այսօր կը ծառայեն հասարակական, մասնագիտական, կրթական, մշակութային եւ համայնքային կեանքի տարբեր մարզերու մէջ, որպէս բժիշկներ, փաստաբաններ, ճարտարագէտներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, ձեռնարկատէրեր եւ ազգային գործի նուիրեալներ։

Սակայն անոնց ամենամեծ ձեռքբերումը մասնագիտութիւնը չէ միայն, այլ հայկական ինքնութեան այն ամուր հիմքը, որուն առաջին քարերը դրուած են այս կրթօճախի յարկին տակ։

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը երբեք սովորական դպրոց մը չէ։ Ան ազգային գոյատեւման կարեւորագոյն ամրոցներէն եւ հայապահպանումի ամուր միջնաբերդերէն մէկն է։

Օտար միջավայրի լեզուներուն, մշակոյթներուն եւ կենցաղային ազդեցութիւններուն մէջ հայ մանուկը պէտք ունի այնպիսի միջավայրի մը, ուր հայերէնը պարզապէս դասաւանդուող առարկայ մը չէ, այլ դարերու ճամբով մեզի հասած՝ ապրուած ու կենդանի լեզու է։ Ուր հայոց պատմութիւնը դասագիրքի էջերուն մէջ փակուած անցեալ մը չէ, այլ ազգային յիշողութիւն եւ պատասխանատւութիւն։ Ուր հայկական մշակոյթը անցեալի ժառանգութիւն մը չէ միայն, այլ ապրելու, զգալու եւ ստեղծագործելու կերպ։

ՀՕՄ-ի վարժարանը այս գիտակցութեամբ է, որ 47 տարիներ շարունակ կը կատարէ իր առաքելութիւնը։ Այստեղ մանուկը կը սորվի կարդալ ու գրել, հաշուել ու մտածել, գիտելիք ձեռք բերել եւ աշխարհը ճանչնալ։ Սակայն այդ բոլորին կողքին ան կը սորվի նաեւ սիրել իր մայրենին, յարգել իր արմատները, ճանչնալ իր ժողովուրդին պատմութիւնը, արժեւորել իր մշակոյթը եւ հպարտութեամբ կրել իր հայկական ինքնութիւնը։

Եւ հո՛ս է հայ դպրոցին մեծագոյն խորհուրդը. մեսրոպաշունչ հայոց լեզուի լոյսը իբրեւ յաւերժական ուղեցոյց ունենալ, եւ հայ դպրոցը առանց Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկեղինիկին ամբողջական չէ եւ չի կրնար ըլլալ։

Այն սրբազան պահուն, երբ հայ մանուկը առաջին անգամ կը սորվի հայերէն տառերը, ան գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կ’օղակուի այն ոսկեղէն շղթային, որ դարեր շարունակ իրարու կապած է հայ սերունդները։

Այո, մաշտոցեան տառերը պարզ նշաններ չեն. անոնք մեր ժողովուրդի յիշողութեան, հոգեւոր ժառանգութեան եւ գոյատեւման սրբազան խորհրդանիշներն են։

Ահա թէ ինչո՛ւ ՀՕՄ-ի վարժարանի իւրաքանչիւր դասարան, իւրաքանչիւր ուսուցիչ եւ իւրաքանչիւր աշակերտ իր փոքրիկ, բայց էական բաժինը ունի այդ մեծ ու կարեւոր առաքելութեան մէջ։

Հայերէն մէկ բառ աւելի, հայոց պատմութեան մէկ դաս աւելի, հայ մշակոյթի մէկ երգ աւելի ուսուցումը հայապահպանման մէկ քայլ եւս դէպի յառաջ սրբազան երթ է։

Այս 47-ամեայ երթը կարելի չէր իրականացնել առանց այն նուիրեալ մարդոց, որոնք իրենց տարիները, գիտելիքը, սէրը եւ հաւատքը ընծայեցին վարժարանին։

Տնօրէններ, կրթական մարմիններ, պատասխանատուներ, ուսուցիչներ ու պաշտօնեաներ՝ իւրաքանչիւրը իր ներդրումով դարձաւ այս կրթօճախի պատմութեան մէկ էջը։ Անոնց աշխատանքը միշտ չէ, որ տեսանելի եղաւ հանրութեան, սակայն անոր պտուղները այսօր կը տեսնենք վարժարանի շրջանաւարտներու կեանքին եւ հայ համայնքի զանազան ոլորտներուն մէջ։

Իւրաքանչիւր ուսուցիչ, որ տարիներ շարունակ հայ մանուկին դիմաց կանգնեցաւ՝  դասաւանդեց ոչ միայն գիտելիք, այլեւ արժէք, նուիրում եւ ինքնութիւն։ Այս առումով դասատուն պարզապէս ուսուցիչ չէ. ան սերունդներու հոգիին մէջ լոյս վառող մշակն է։

Վարժարանի 47-ամեայ գոյերթը նաեւ նուիրատու բարեկամներու, բարերարներու եւ ազգային գիտակցութեամբ օժտուած հայորդիներու հաւատքին ու նիւթական զոհողութեան պատմութիւնն է։

Հայ դպրոց պահելը մեծ պատասխանատուութիւն է, իսկ զայն սերունդէ-սերունդ շարունակելը՝ աւելի մեծ պարտաւորութիւն։

Ականատեսի աչքով կը վկայենք, որ Թորոնթոյի կրթական, մշակութային, ազգային, հոգեւոր, կուսակցական, միութենական եւ ընկերային կեանքը վերջին տարիներուն ստացած է գործելու, նուիրաբերումի եւ վերելքի նոր ու բնականոն թափ։

Այս վերելքին պանծալի վկաներէն մէկն է այս տարեշրջանին Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներու յանդուգն ու խիզախ որոշումով իրականացած 211 Consumers Road-ի վրայ գտնուող «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային հոյակերտ համալիրը։

Անիկա ոչ միայն մեր համայնքի ամենամեծ ձեռքբերումներէն մէկն է, այլեւ ազգային տեսլականի, հաւատքի, կամքի եւ նուիրումի կենդանի վկայութիւնը։

Այդ պատճառով իսկ երախտագիտութեան խօսք պէտք է ուղղել բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ թիկունք կանգնեցան ՀՕՄ-ի վարժարանին՝ գիտակցելով, որ հայ դպրոցի մը համար կատարուած նուիրատուութիւնը հայութեան ապագային կատարուած գանձ ու ներդրում մըն է։

Երախտագիտութեան արժանի են նաեւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց համագործակցութեամբ ու օժանդակութեամբ նպաստեցին վարժարանի աստիճանաւոր վերելքին։

Եւ, անշուշտ, այս մեծ շղթային մէջ իրենց անփոխարինելի տեղը ունին մեր գաղութի երեք հայ յարանուանութիւնները, որոնք իրենց հոգեւոր ու բարոյական ներկայութեամբ կը զօրացնեն հայ դպրոցին եւ հայ ընտանիքին միջեւ անքակտելի կապը։

Ահաւասիկ նոր հանգրուան՝ նոր մարտահրաւէրներով։

Այսօր, 47-ամեակի սեմին, միայն անցեալին նայիլ ու հպարտանալը բաւարար չէ։ Ժամանակները կը փոխուին, մարտահրաւէրները կը բազմանան, իսկ հայապահպանութեան պայմանները աւելի պարտաւորիչ կը դառնան, եւ այսօր հայ դպրոցին առաքելութիւնը աւելի մեծ է, քան երբեւէ։ Ան պէտք է նոր սերունդին փոխանցել կարենայ ոչ միայն հայերէն լեզուն, այլեւ հայերէն մտածելու, հայօրէն զգալու եւ հայօրէն ապրելու կարողութիւնը։

Ան պէտք է պատրաստէ այնպիսի երիտասարդներ, որոնք միաժամանակ պիտի ըլլան ժամանակակից աշխարհի լիարժէք քաղաքացիներ եւ իրենց ազգային ինքնութեան գիտակից հայեր։

Այս է 47-ամեայ վարժարանի յաջորդ հանգրուանին առջեւ դրուած մեծագոյն մարտահրաւէրը։

Այսօր, երբ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը կը նշէ իր 47-րդ տարեդարձը, մենք իրաւունք ունինք հպարտութեամբ յետադարձ հայեացք մը նետելու անցած ճանապարհին։

Սակայն 47 տարիները միայն յիշատակելի թուանշան մը չեն։ Անոնք 47 տարիներու անխոնջ աշխատանքի արդիւնք, 47 տարիներու անկոտրում հաւատք, 47 տարիներու յամառ նուիրում են, եւ ամէնէն կարեւորն ու էականը՝ 47 տարիներու հայապահպանութիւն։

Վարժարանը եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ Թորոնթոյի հայ գաղութի կեանքին մէջ լոյսի ու հաւատքի փարոս մը, ուր հայ մանուկը կը ստանայ գիտելիք, բայց նաեւ կը ժառանգէ հայկազեան ինքնութիւն։

Թող այս լուսաճաճանչ փարոսը երբեք չմարի։

Թող Մաշտոցի լուսափայլ  տառերը միշտ փայլատակեն մեր վարժարանի դասարաններուն մէջ։

Թող մեր ուսուցիչներուն նուիրումը շարունակէ ծլարձակել ու ծաղկեցնել նորահաս մեր սերունդնեու հոգեմտաւոր ներաշխարհը։

Թող ծնողներուն հաւատքը, բարերարներուն զոհողութիւնը եւ թորոնթոհայ համայնքի հաւաքական կամքը միշտ ամուր պահեն այս կրթօճախի հիմերը, եւ թող գալիք տարիներուն ՀՕՄ-ի վարժարանը ոչ միայն շարունակէ իր երթը, այլեւ նոր բարձունքներ նուաճէ՝ աւելի գիտակից, աւելի զօրաւոր եւ աւելի հայաշունչ սերունդներ դաստիարակելու իր սրբազան առաքելութեամբ։

47 տարի անց՝ ահա նոր վերամուտ, նոր յոյս, նոր հաւատք։

Եւ մեր մաղթանքն է, որ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանը իր լոյսը փոխանցէ դեռ շատ ու շատ սերունդներու՝ մնալով հայ դպրութեան անսասան օճախ, հայապահպանումի ամուր միջնաբերդ եւ մեսրոպեան լոյսի յաւերժական դարբնոց։

Շնորհաւոր 47-րդ ամեակդ, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարան։

Քեզի բարի՛ երթ դէպի աղբիւրը լոյսին, դէպի նորանոր բարձունքներ ու յաղթանակներ՝ ի խնդիր հայ ազգին, հայ դպրութեան եւ թորգոմեան ցեղի յաւերժութեան։

Թորոնթօ, 2026