Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի ութերորդ թիւը

Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի ութերորդ թիւը, որուն մէջ տեղ գտած են Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքին, ազգային-պետական հիմնահարցերուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ հասարակական խնդիրներուն նուիրուած վերլուծական յօդուածներ։

Առաջնորդող յօդուածը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ երկրին քաղաքական ղեկավարութեան վարած քաղաքականութեան հետեւանքներուն՝ քննութեան առնելով պետական եւ ազգային կեանքին մէջ ստեղծուած տագնապալի իրավիճակը։

Արեւելագէտ Լիանա Պետրոսեան ««Խաղաղութիւն» առանց երաշխիքի. օգոստոսի 8-ի դիւանագիտութեան հետնաբեմն ու ուաշինկթոնեան ձեւաչափի «թակարդները»» խորագրուած յօդուածով կը վերլուծէ վերջին դիւանագիտական զարգացումները՝ անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ ձեւաւորուած գործընթացին, անոր վտանգներուն եւ Հայաստանի համար հնարաւոր հետեւանքներուն։

Պատմաբան Անի Մելքոնեան իր յօդուածին մէջ կ՚անդրադառնայ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան՝ ազգային եւ արտաքին քաղաքական հիմնահարցերու նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութեան՝ զայն Հայաստանի անվտանգութեան եւ ապագային վրայ կախուած լուրջ սպառնալիք նկատելով։

Թղթակից Սարգիս Սարգսեան իր հերթին կը քննէ Հայաստան-ՀԱՊԿ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը։ «Հայաստանը եւ ՀԱՊԿ-ը կը մօտենան անդառնալի կէտին» խորագրով հրապարակման մէջ ան կը ներկայացնէ այն զարգացումները, որոնք երկու կողմերու յարաբերութիւնները կը հասցնեն խորացող եւ դժուար յաղթահարելի ճգնաժամի։

Արեւելագէտ Նարէ Գէորգեան կը ներկայացնէ Իրանի մտահոգութիւնները Հայաստանի հարաւային սահմանամերձ տարածքով նախատեսուող «Թրամփի ճանապարհ»-ին առնչութեամբ՝ անդրադառնալով նաեւ անոր տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն։

Մինչ այդ, Մանուէլ Մկրտչեան եւ Արեգ Ղարաբեգեան կը քննեն հայ հասարակութեան ներկայ հոգեբանական վիճակը, երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն նկատմամբ հանրային տրամադրութիւններն ու ձեւաւորուող մտայնութիւնները։

Պատմաբան Տարօն Յակոբեան կը շարունակէ Արցախի պետականութեան կայացման ճակատագրական տարիներուն վերաբերող իր ուսումնասիրութիւնը՝ ներկայացնելով նորաստեղծ հայկական հանրապետութեան ներքաղաքական գործընթացները։ Այս շարքը պիտի շարունակուի նաեւ «Դրօշակ»-ի յաջորդ թիւերուն մէջ։

Բնապահպանական հարցերուն պարբերաբար անդրադարձող լրագրող Արմէն Վարդանեան այս անգամ կը քննէ Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինութեան աշխատանքներու վիճակը եւ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները՝ ներկայացնելով նաեւ իշխանութիւններու կողմէ առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացած այս ոլորտին առնչուող հարցերը։